Սան Ֆրանսիսքոյի ազգայիններէն մէկը, որ համեստութեամբ չ՛ուզեր իր անունը հրապարակել, 1000 տոլար նուիրելով՝ ստանձնած է «Ասպարէզ»ի 1998ի թիւերու թուայնացման ծախսերը:
Մեր անանուն բարերարը, որուն բարիքներէն օգտուած են թէ՛ Սան Ֆրանսիսքոյի եւ թէ ընդհանրապէս հայկական ազգային կառոյցները, այս թուականը ընտրած է, որովհետեւ 1998ին ինք եւ կինը բախտաւորուած են իրենց առաջին թոռնիկով:
Երջանկութիւն կը մաղթենք պապիկին ու տատիկին. թող իրենց առաջին եւ յաջորդող թոռնիկները առողջ մեծնան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.