
ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Երեքշաբթի, 26 Նոյեմբեր 2013ի երեկոյեան, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, առաջին անգամ ըլլալով այցելեց շրջանի Հայ Օգնութեան Միութեան կեդրոնը եւ մտերմիկ հանդիպում մը ունեցաւ շրջանի ՀՕՄի մեծ ընտանիքի ներկայացուցիչներուն հետ: Նախագահին կ՛ընկերակցէին Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Արցախի նախագահի խորհրդական եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Եորկի Պետրոսեան, ԱՄՆի մօտ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան, ՀՕՄի Կեդր. վարչութեան ատենապետուհի Վիքի Մարաշլեան եւ անդամ՝ Անի Քէշիշեան, Լոս Անճելըսի մօտ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Սերգէյ Սարգիսով, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդր. կոմիտէի ներկայացուցիչ դոկտ. Վիգէն Եագուպեան, Ազգային վարչութեան ատենապետուհի Ռիմա Պօղոսեան, Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի տնօրէն Արա Վարդանեան, Հիմնադրամի շրջանի հոգաբարձութեան ատենապետ Անդօ Պաղտասարեան եւ վարիչ տնօրէն Սարգիս Քոթանճեան, ինչպէս նաեւ շրջանի ազգային մարմիններու, ուղեկից կազմակերպութիւններու, ՀՕՄի նախկին Կեդրոնական եւ Շրջանային վարչութեանց, ինչպէս նաեւ մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներ եւ բազմաթիւ հիւրեր:
ՀՕՄի անունով ներկաները ողջունեց Շրջ. վարչութեան ատենապետուհի Լենա Պօզոյեանը, որ ընդգծելով հայրենիք-Սփիւռք գործակցութեան կարեւորութիւնը՝ մատնանշեց այդ գծով ՀՕՄի հայրենի ծրագիրները, որոնք իրականութիւն կը դառնան շնորհիւ շրջանի ՀՕՄի կամաւոր անդամներուն, բարերարներուն եւ հովանաւորներուն: Ապա, կարեւոր նկատելով ՀՕՄի գործակցութիւնը Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամին հետ՝ շեշտեց ՀՕՄուհիներուն գիտակցութիւնը՝ ազգային առաջնահերթութիւններուն եւ մանաւանդ Արցախի անվտանգութեան հիմնահարցին նկատմամբ, եւ ըսաւ. «Այդ իսկ պատճառով, ՀՕՄը առաջիններէն էր, որ ընդառաջեց Արցախ Ֆոնտին՝ Ղարաբաղեան պատերազմի օրերուն հիմնադրամի կազմութենէն իսկ առաջ, եւ առաջիններէն ենք այսօր՝ ՄԵՆՔ ՊԱՏՐԱՍՏ ԵՆՔ ըսելու Վարդենիս-Մարտակերտ ճանապարհի կառուցման, որ ռազմավարական կարեւորութենէն անդին՝ տնտեսական հզօրացում եւ ապահովութիւն պիտի շնորհէ Արցախին»:
Ան նաեւ սուրիահայութեան եւ Արցախի վերաբնակեցման ծրագիրին օժանդակելու պատրաստակամութիւն յայտնելով՝ վստահեցուց, թէ Սփիւռքի երիտասարդութիւնը Արցախ այցելելով՝ աւելի հայացած կը վերադառնայ տուն: «Ինչպէս դուք, պրն. նախագահ, մենք ալ անսպառ լաւատեսութեամբ եւ աննկուն կամքով վճռած ենք, յանուն մեր հերոս նահատակներուն՝ մեր նիւթական ու բարոյական բոլոր միջոցներով եւ կարողականութեամբ պաշտպանել եւ հզօրացնել մեր բոլորին սիրելի Արցախը», եզրակացուց Պօզոյեան եւ այնուհետեւ բեմը յանձնեց նախագահ Սահակեանին:
Առաջին հերթին, նախագահը վեր առաւ Արցախի քաջարի ժողովուրդին դիմադրականութիւնը, որուն լաւագոյն փաստը Արցախեան ազատագրական պայքարն էր, որմէ պատիւով դուրս եկաւ: Իսկ անդրադառնալով Արցախի մէջ տարուող ՀՕՄի գործունէութեան՝ Սահակեան վեր առաւ ՀՕՄի բազմազան եւ բազմաբովանդակ ծրագիրները, ապա յատկապէս անդրադառնալով «Սօսէ» մանկապարտէզներու կարեւորութեան՝ ըսաւ. «Դուք հեռու լինելով՝ չէք կարող պատկերացնել, թէ պատերազմական ժամանակաշրջանին ի՞նչ է նշանակում «Սօսէ» մանկապարտէզները Արցախի ժողովուրդին համար: Կրթական այդ համակարգին միջոցաւ են պատրաստւում վաղուայ մեր երկրի պաշտպանները, արուեստագէտները, գործիչները: Այս նպատակով էլ, մենք լինելով ծանր պայմաններում՝ ուշադրութիւն ենք դարձնում կրթական մեր համակարգին»:
Իսկ անդրադառնալով Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի այս տարուան թելեթոնի նպատակին՝ Սահակեան բացատրեց ռազմավարական կարեւոր նշանակութիւնը Վարդենիս-Մարտակերտ ճանապարհի կառուցման, եւ յոյս յայտնեց, որ համաժողովրդական մօտեցումով պիտի յաջողի անիկա: Այնուհետեւ, նախագահը մանրամասնօրէն անդրադարձաւ Արցախի քաղաքական ներկայ իրավիճակին, արձանագրած քաղաքական, կրթական, տնտեսական եւ անհրաժեշտ բոլոր միջոցներուն, որոնք կ՛ամրապնդեն անոր պետականութիւնը:
Նախագահի սպառիչ զեկուցումէն ետք, Շրջ. վարչութեան ատենապետուհին ՀՕՄի անունով յուշանուէր մը յանձնեց նախագահին եւ առանձնաբար ներկայացուց պատմական այս հանդիպման մասնակիցները:
Պաշօնական յայտագիրի աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: Համադամ ուտելիքները օրհնեց թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը: Հիւրասիրութեան բաժինը նաեւ գեղեցիկ առիթ հանդիսացաւ մօտէն ծանօթանալու եւ զրուցելու հայրենի բոլոր հիւրերուն հետ, ինչպէս նաեւ՝ պատմական նկարներ առնելու անոնց հետ:
Յայտնենք, թէ նախագահը նախքան ՀՕՄուհիներուն հետ հանդիպումը, ներկայ գտնուեցաւ նոյն կեդրոնին մէջ ՀՕՄի Ընկերային ծառայութեան գրասենեակին գլխաւորած եւ «Շամս» փաստաբանական գրասենեակին հովանաւորած՝ կարօտեալ ընտանիքներու զաւակներու Գոհաբանութեան օրուան ընթրիք-հիւրասիրութեան եւ իր պատգամը փոխանցեց անոնց:
Ուժ ու կորով ՀՕՄ-ի ընտանիքին ,