ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Արդէն հնդկահաւը կերած ու մարսած ենք: Հայաստանի անկախութեան վերականգնումէն առաջ, ամէն տարի Գոհաբանութեան Օրուան նախօրէին, աւանդական այս ճաշէն առաջ, կը մտածէինք անդրադառնալ այդ տօնին՝ մտաբերելով անցած տարուան ընթացքին մեզ ուրախացուցած լուրերը:
Հիմա, Գոհաբանութեան Օրուան կիզակէտը, Քալիֆորնիոյ հայ համայնքին եւ ինչու չէ՝ համայն հայութեան համար, դարձած է Հայաստան Հիմնադրամի տարեկան հանգանակային արշաւը, որ անշուշտ պէտք չէ այդ օրով սահմանափակուի:
Յամենայնդէպս, գոհաբանութեան օրուան առթիւ, թէկուզ ուշացած, կ՛արժէ անդրադառնալ մեզ գոհունակութիւն պատճառած կարեւոր իրադարձութիւններէն մի քանիին, յատկապէս՝ կեդրոնանալով մեր համայնքէն ներս կատարուածներուն:
Այո՛, կ՛արժէ գոհունակութիւն յայտնել, որ մեր համայնքը միշտ կրցաւ պատուով կատարել իր համազգային բոլոր պարտաւորութիւնները: Կրնայինք աւելի՛ն ընել, պիտի ձգտի՛նք այդ աւելիին, բայց եւ այնպէս, կատարուածն ալ կը պահանջէր զոհողութիւն, որմէ չխրտչեցան մեր կազմակերպութիւնները, մեր ազգայինները:
Նաեւ, իբրեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներ, մեր համայնքի զաւակները իրենց նպաստը բերին այս երկրի ու տեղւոյն լայն հասարակութեան զարգացման ու յառաջդիմութեան. գրեթէ ամէն ասպարէզի մէջ ունեցանք մեզի պատիւ բերող անհատական իրագործումներ:
Գոհունակութիւն կը յայտնենք նաեւ, որ մեր համայնքին մէջ գործող կառոյցները, յաղթահարելով ամէն տեսակի դժուարութիւն՝ իրենց առաքելութիւնը շարունակելու յանձնառութեամբ կը փայլին: Ձախողութիւններ, ընկրկումներ դիմագրաւելու անվհատ կամքը անոնց մօտ տիրապետող կը մնայ:
Այո՛, իբրեւ ազգ ու պետութիւն՝ շատ ու շատ վէրքեր ունինք բուժելու, սակայն գոհ ենք, որ չենք յուսալքուած ու ապագայի վառ յոյսերով ոգեւորուելու ուժ ունինք մեր մէջ:
ԱՅՈ