ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Անցած շաբթուան ընթացքին հայկական կեանքի հարուստ իրադարձութիւնները լիարժէքօրէն ներկայացնելու տագնապը կ՛ապրիմ: Արդարեւ, ինչպէ՞ս այս նոր շաբթուան լրատուութիւնը կատարել, երբ անցած շաբթուան վերջին չորս օրերը յագեցած էին այնքան կարեւոր իրադարձութիւններով, որոնք բոլորը պէտք է առաջին էջով ներկայացուին ու ըստ արժանւոյն՝ լուսաբանուին, վերլուծուին, գնահատուին:
Անցած շաբթուան Արեւելեան գործընկերութեան Վիլնիուսի գագաթնաժողովէն, մինչեւ Հայ Դատի Արեւմտեան Ամերիկայի յանձնախումբի կազմակերպած շաբաթավերջի ձեռնարկները (խորհրդաժողով, ճաշկերոյթ), ինչպէս նաեւ Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի տարեկան հանգանակային արշաւը (թելեթոնը) պէտք է տեղ գտնէին առաջին էջին վրայ: Բայց եւ այնպէս, դասաւորելու, հերթագրելու պարտաւորութեամբ պիտի շարժինք. ուրիշ ճառ չունինք:
Վիլնիուսի գագաթնաժողովին մասին վստահաբար յօդուածներ պիտի գրուին, մանաւանդ՝ նախագահ Փութինի Հայաստան այցելութեան յաջորդող օրերուն, երբ քաղաքագէտները պիտի համեմատեն մեր արտաքին դիւանագիտութեան շահերն ու վնասները՝ հաւասարակշռուած քաղաքականութենէն շեղելու արդիւնք ռուսական արեւելումի նուիրականացման գործընթացէն:
Մեր կարծիքով՝ Վիլնիուսի գագաթնաժողովը եկաւ աւելի յստակացնելու, թէ Հայաստանը այս հանգրուանին, լաւագոյն պարագային, միայն ձեւականօրէն կրնայ գործել Եւրոպական Միութեան կառոյցներուն մէջ, որոնց լիարժէքօրէն համարկուելու (ինտեգրուելու պիտի ըսէին մեր արեւելահայ գործընկերները) յոյսերը ի չիք դարձան՝ Հայաստանը Մաքսային միութեան անդամ դարձնելու նախագահ Սերժ Սարգսեանի որոշումով:
Նախագահ Սարգսեան իր այս որոշումով առանձնացաւ իրեն նախորդող երկու նախագահներէն, որոնք վերանկախացած Հայաստանի ապահովութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը ամրագրելու համար, որդեգրած էին հաւասարակշռուած (քոմփլիմենթար) քաղաքական գիծ՝ յաճախ գործադրելով գերազանց ճկունութիւն, ճարպիկ խուսանաւումներով դուրս գալով այս կամ այն կողմի թեւին տակ մտնելու պարտադրանքներէն: Մենք համոզուած ենք, որ Հայաստանի դիւանագիտութիւնը պէտք է գտնէր հնարներ այսօրուան քաղաքական, ռազմական ու տնտեսական հրամայականներուն այլ կերպով անդրադառնալու՝ պահպանելով հաւասարակշռուած քաղաքական գիծը, որուն շնորհիւ մինչեւ այսօր կարելի եղած էր պահպանել խաղաղութիւնը այդ տարածաշրջանին մէջ:
Վաղը կ՛անդրադառնանք Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի հանգանակային արշաւին, որուն խորագիրը արդէն իսկ յստակ է մեր միտքին մէջ՝ Անտեսուած Ռուսահայերը: Եւ անշուշտ, անպայմանօրէն կ՛անդրադառնանք Հայ Դատի ձեռնարկներուն: