
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 3 Դեկտեմբերին հանդիպում ունեցած է պաշտօնական այցելութեամբ Երեւան գտնուող Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Եոշիար Զեպարիի հետ: Նախարար Նալբանդեան գոհունակութեամբ նշած է, որ վերջին շրջանին երկու երկիրներուն միջեւ փոխգործակցութիւնը զգալիօրէն աշխուժացած է եւ յոյս յայտնած է, որ Իրաքի նախարարին այցելութիւնը նոր լիցք կը հաղորդէ տարբեր բնագաւառներու մէջ երկկողմանի համագործակցութեան զարգացման:
Նախարար Զեպարին իր կարգին դիտել տուած է, որ Իրաք կ՛ուզէ խորացնել համագործակցութիւնը բարեկամ Հայաստանի հետ եւ իր այցելութեան հիմնական նպատակը այդ ուղղութեամբ համաձայնութիւններու ձեռքբերումն է: Եոշիար Զեպարին կարեւոր նկատած է հայ համայնքին ներդրումը Իրաքի զարգացման եւ բարգաւաճման գործին մէջ:
Հանդիպման ընթացքին հանգամանալից կերպով անդրադարձ կատարուած է երկկողմանի յարաբերութիւններու խթանման՝ քաղաքական երկխօսութեան աշխուժացման, միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ համագործակցութեան սերտացման, իրաւապայմանագրային դաշտի ընդլայնման, առեւտրատնտեսական, գիտական, կրթական, մշակութային բնագաւառներուն մէջ փոխգործակցութեան ամրապնդման: Նախարարները քննարկած են նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ մուտքի արտօնագրային դրութեան դիւրացման կարելիութիւնը։
Հիւրին խնդրանքով Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը ներկայացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրի խաղաղ կարգաւորման առնչութեամբ տարուող Հայաստանի եւ միջազգային հանրութեան ջանքերը:
Եոշիար Զեպարին Էդուարդ Նալբանդեանին տեղեկացուցած է Իրաքի մէջ կայունութիւն եւ անվտանգութիւն ապահովելու նպատակով իշխանութիւններուն ձեռնարկած քայլերուն մասին:
Նախարարները հանգամանալից կերպով խօսած են նաեւ միջազգային եւ տարածաշրջանային կարգ մը խնդիրներու՝ Իրանի հիւլէական ծրագիրի շուրջ ձեռքբերուած համաձայնութեան, Սուրիոյ հարցով «Ժընեւ-2» համաժողովի կազմակերպման մասին:
Հանդիպումէն ետք նախարարները ստորագրած են Հայաստանի եւ Իրաքի արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ փոխադարձ համագործակցութեան մասին փոխըմբռնման յուշագիրը, ապա տուած են միացեալ մամլոյ ասուլիս։
«Վերջին տարիներին հայ-իրաքեան յարաբերութիւններում զարգացումներ են նկատւում, ինչը պայմանաւորուած է երկու երկրներում դեսպանատների վերաբացմամբ եւ միջկառավարական յանձնաժողովի ստեղծմամբ: Սա լաւ առիթ է, որպէսզի բանակցութիւնները շարունակուեն», հաստատած է Էդուարդ Նալբանդեան՝ աւելցնելով, որ թէեւ տնտեսական կապերու իմաստով բաւական զարգացում արձանագրուած է, սակայն տակաւին աւելին կարելի է ընել։
Եոշիար Զեպարիի համաձայն՝ իրենք չեն մոռցած, որ դժուար ժամանակաշրջանին Հայաստան կանգնած էր նոր Իրաքի կողքին: «Հայկական համայնքը Իրաքի մէջ շատ աշխոյժ է եւ մեծապէս տպաւորած է իրաքցիները՝ իր համակեցութեան կանոններով. մեր փափաքն է, որ Հայաստանի հետ բարեկամութիւնն ու համագործակցութիւնը շարունակուի», դիտել տուած է նախարարը՝ աւելցնելով, որ թէեւ Իրաք բաւական դժուար հանգրուան կ՛ապրի, սակայն ան կ՛ընթանայ ժողովրդավարութեան եւ զարգացման ուղիով։