
ՀՅԴ Գոքինիոյ «Վարանդեան» կոմիտէի կազմակերպութեամբ խնճոյք տեղի ունեցաւ Կիրակի, 1 Դեկտեմբերի կէսօրին, Գոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնի «Զաքարեան-Սարաճեան» զոյգ սրահներէն ներս, որոնք զարդարուած էին ՀՅԴ հիմնադիրներու լուսանկարով եւ Եռագոյն ու Դաշնակցութեան դրօշակներով:
Հայրենակիցներ, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով երիտասարդներ մասնակցեցան խնճոյքին, բացառիկ ուրախ մթնոլորտի մէջ տօնակատարելով 123 տարի շարունակաբար ժողովուրդին ծառայող կուսակցութեան տօնը:
Հանդիսականները տեղ գրաւած էին եռագոյններով զարդարուած սեղաններուն շուրջ ու կը ճաշակէին համեղ աղանդերները, որոնց պատրաստութիւնը հոգացած էին Հայ Կապոյտ Խաչի Գոքինիոյ «Սօսէ մասնաճիւղի ընկերուհիները:
Թամատայի պարտականութիւնը խանդավառութեամբ կատարեց Թագւոր Յովակիմեան, դրուագներ պատմելով ու բացատրութիւններ տալով գաղութի անցեալի իրադարձութիւններէն: