ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական «Ռատիքալ» թերթը հրատարակած է լուր մը, որ անգամ մը եւս ցոյց կու տայ, թէ երկիրին մէջ տակաւին որքա՛ն տարածուն է հայերու, յոյներու կամ հրեաներու դէմ վերապահութիւնը, չըսելու համար՝ թշնամութիւնը։ Այս անգամ լուրը կու գայ Կազիօսմանփաշայի Սարըկէօլ թաղամասէն, ուր 600 շէնքեր պարպուեցան ու քանդուեցան, որպէսզի անոնց տեղ կառուցուին երկրաշարժի դէմ դիմացկուն նոր շէնքեր։
Այս շէնքերը պարպելու ընթացքին, իշխանութիւնները թաղի 2500 բնակիչները վստահեցուցած էին, որ նորակառոյց շէնքերուն բնակարանները միայն թաղամասի բնակիչներուն պիտի վաճառուին, սակայն այժմ քաղաքապետութիւնը այս խոստումը ջնջած է ու որոշած է ոեւէ փափաքողի վաճառել, ինչ որ դժգոհութեան ալիք մը բարձրացուցած է թաղամասին մէջ։
Քաղաքապետի փոխանորդ Եըլմազ Էօզքան պատասխանած է այս դժգոհութիւններուն՝ ըսելով. «Ինչո՞ւ կ՛առարկեն. մենք այս շէնքերը արտասահմանի հայերուն, յոյներուն կամ իսրայէլացիներուն չէ որ կը ծախենք»։
Այս արտայայտութիւնը եւս դժգոհութիւն ստեղծած է ու փոխքաղաքապետը ստիպուած եղած է վերոնշեալ նախադասութիւնը ջնջել տալ ատենագրութենէն։ Բայց ի՞նչ կը փոխուի։
Յայտնի է, որ յիշուած ժողովուրդներուն դէմ վերապահութիւն մը կայ. կարծէք, թէ փոխքաղաքապետը թաղի բնակիչները կ՛ուզէ վստահեցնել, թէ անոնք հայ, յոյն կամ հրեայ դրացի պիտի չունենան, սակայն տեղացի բնակիչներուն վախը ուրիշ բան է։ Ժողովուրդը կը վախնայ, որ իրմէ առնուած ու վերակառուցուած շէնքերը այժմ պիտի վաճառուին հարուստներու, նկատի ունենալով, որ այս թաղամասին մօտերը կը կառուցուի Թուրքիոյ ամենամեծ զուարճութեան կեդրոնը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.