ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Լիբանանեան «Հըզպալլա» կուսակցութեան զինուորական թեւի պատասխանատուներէն Հասսան Հաուլօ Լաքքիս Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 4ին, իր բնակարանին մօտ սպաննուած է անյայտ զինեալներու կողմէ:
«Հըզպալլա» դատապարտեց ոճրային արարքը եւ անոր պատասխանատու նկատեց Իսրայէլը՝ աւելցնելով, որ Իսրայէլ քանի մը անգամ արդէն փորձած էր սպաննել Լաքքիսը:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւս Իսրայէլը ամբաստանեց Լաքքիսի սպանութեան յանցանքով:
Միւս կողմէ, Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը շեշտեց, թէ Իսրայէլ ոչ մէկ ձեւով առնչուած է Լաքքիսի սպանութեան:
Լաքքիս կը նկատուի «Հըզպալլա»ի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի մտերիմ անձնաւորութիւն մը:
Աւելի ուշ, Լաքքիսի սպանութեան պատասխանատոութիւնը ստանձնեցին «Պաալպեքի սիւննի ազատականներու փաղանգ» ու «Իսլամ ժողովուրդի համակիրներու փաղանգ» խմբաւորումները: Այս վերջինը սպանութիւնը նաեւ կապած է Լիբանան-Սուրիա սահմանին մօտերը գտնուող սուրիական Քուսէյ գիւղաքաղաքի իրադարձութեանց:
Լիբանանի նախագահ Միշել Սլէյման Լաքքիսի սպանութիւնը նկատեց երկիրի ապահովութիւնը հարուածելու նոր փորձ մը:
«Այս սպանութիւնը կը ծառայէ համայնքային գրգռութիւններ հրահրելու իսրայէլեան նպատակներուն», ըսաւ նախագահ Սլէյման եւ կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն զգաստ մնալու:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.