ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 21ին, ՀԵԴի Փասատինայի «Նիկոլ Դուման» ուխտը վերակենդանացուց ՀԵԴի պատմութեան իւրայատուկ աւանդութիւններէն մէկը՝ «Ասպարէզի երեկոյ»ն՝ խորհրդակցութիւններու համար ի մի բերելով գաղութի անդամները:
Նոյեմբեր 21ի քննարկման նիւթն էր՝ «Հայաստանի հզօրացումը պիտի առաջնորդէ՞ Սփիւռքի հզօրացման, թէ զօրաւոր Սփիւռքը պիտի հզօրացնէ Հայաստանը»:
Ազատ քննարկումը հետաքրքրական էր, իսկ կարծիքներու փոխանակումը տարակարծութիւններու առաջնորդեց, սակայն մասնակիցները փոխադարձ յարգանքի մթնոլորտին մէջ շարունակեցին խորհրդակցութիւնը:
Ի յայտ եկաւ, որ հայ երիտասարդութեան տարբեր հատուածներ հակասական կարծիքներ ունին սփիւռքահայերու Հայաստան հաստատման հարցին շուրջ, որովհետեւ անոնց մէկ մասը կը հաւատայ, թէ սփիւռքահայուն պարտականութիւնն է զօրացնել Սփիւռքի հայ համայնքները, մինչ ուրիշներ կը պնդեն, թէ սփիւռքահայերը պէտք է գործնականապէս մասնակից դառնան Հայաստանի հզօրացման:
Աւարտին, մասնակիցներուն առիթ տրուեցաւ ապագայի «Ասպարէզի երեկոներ»ուն համար նիւթեր առաջադրելու եւ այլ առաջարկներ ներկայացնելու:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.