ԵՐԵՒԱՆ, «Արմսփորթ».– Ճատրակի վարպետ Լեւոն Արոնեան Թուրքիոյ Անթալիա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Ճատրակի աշխարհի ախոյեանութեան ընթացքին լաւագոյն արդիւնքը ապահոված է առաջին խաղատախտակին վրայ հանդէս եկող խաղացողներուն շարքին եւ վաստակած է ոսկի մետալ:
Արոնեան 9 հանգրուանէն 8ին մասնակցելով՝ վաստակած է 6 միաւոր: Լեւոն պարտութիւն չէ կրած եւ յաղթած է Հ. Նաքամուրային (Միացեալ Նահանգներ), Ա. Իպատովին (Թուրքիա) եւ Ա. Կիրիին (Հոլանտա):
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.