
ՊԷՅՐՈՒԹ.- ՀՅ Դաշնակցութեան 123ամեակը հանդիսութեամբ մը նշուեցաւ Հինգշաբթի, 5 Դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 8ին, «Էմիլ Լահուտ» համալիրին մէջ:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին նահատակներուն յիշատակը:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի Քարոզչական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Հուրի Ղազարեան, որ իր խօսքին սկիզբը անդրադարձաւ Դաշնակցութեան համար ժողովուրդին կարեւորութեան:
«Ժողովուրդէն ծնած եւ ժողովուրդին համար գործող այս կուսակցութիւնը գործելու իր աննկուն կամքը, հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն համար պայքարելու եւ զանոնք պահանջելու իր անսակարկ նուիրումը, իր էութեան աւիշը կ՛առնէ ժողովուրդէն», հաստատեց ան:
Առաջին խօսք առնողը եղաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Խաչերեան, որ հաստատեց, թէ Դաշնակցութեան Օրը առիթ կը նկատուի ներկայացնելու իրագործուածն ու այն, որ չյաջողեցանք իրագործել՝ դիտել տալով, որ Դաշնակցութիւնը հաւատացած է ու կը շարունակէ հաւատալ ժողովուրդին դատողութեան, որովհետեւ կը գիտակցի, որ ժողովուրդը շատ արագ բնազդով կը կշռադատէ ճիշդն ու սխալը, օգտակարն ու վնասակարը, ազգօգուտն ու ազգավնասը:
Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ շրջանային եւ յատկապէս լիբանանեան զարգացումներուն՝ դիտել տալով, որ Դաշնակցութեան քաղաքական ուղեգիծին հիմնական պատգամն է այն, որ Լիբանան պէ՛տք է շարունակէ պահպանել միջհամայնքային համակեցութեան սկզբունքն ու անոր վրայ հիմնուած պետական եւ հասարակական համակարգը՝ բացառելով բռնամիջոցը, մերժելով ներլիբանանեան բախումները եւ միայն քաղաքական երկխօսութեամբ լուծելով հարցերը:
Սարին Փոլատեան ընթերցեց Սօս Սարգսեանի վերջին ճառը, որմէ ետք 6 երգերով ելոյթ ունեցան Համազգայինի «Այգ» երիտասարդական երգչախումբն ու նուագախումբը:
Ապա խօսք առաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան, որ իր խօսքին մէջ շեշտը դրաւ Հայաստանի քաղաքական-ընկերային իրավիճակին վրայ՝ հաստատելով, որ իր ելոյթին ընթացքին յատկապէս պիտի անդրադառնայ Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունեցող ցաւերուն, թերութիւններուն, սխալներուն եւ անարդարութիւններուն, որպէսզի կարելի ըլլայ ճշդել այդ բոլորը եւ աշխատիլ զանոնք ուղղելու նպատակով: Անոր համաձայն՝ պէտք չէ նաեւ ուրանալ, որ այսօրուան Հայաստանը նախկինէն շահեկանօրէն տարբեր է, որովհետեւ զարգանալով կը յառաջդիմէ անիկա: Հրանդ Մարգարեան յատկապէս լուսարձակի տակ առաւ Հայաստանի մէջ տարերային բնոյթ ստացած արտագաղթը, անգործութիւնը, աշխատավարձերու անբաւարարութիւնը եւ տարբեր տեսակի անարդարութիւններ՝ հաստատելով, որ Դաշնակցութիւնը պետական շահերը գերադասելով, արդէն իսկ մշակած եւ ներկայացուցած է «Մենք ուզում ենք ապրել մեր երկրում» խորագիրը կրող ծրագիր մը:
Հրանդ Մարգարեան հաստատեց, որ, հակառակ ընդդիմադիր ըլլալուն, Դաշնակցութիւնը կը գիտակցի, որ ներազգային, ներպետական հակադրութիւնները, տարակարծութիւնները պէտք է աւարտին հոն, ուր անհրաժեշտութիւն, կարելիութիւն կայ միասնաբար պաշտպանելու ազգային-պետական շահերը, որպէսզի գերագոյն դատերը չտուժեն: Առ այդ, ան կարեւոր նկատեց հզօր պետականութիւն ունենալը, Ղարաբաղի հարցն ու Հայ Դատի հետապնդումը ամէն ինչէ վեր դասելը, Հայաստանի մէջ Դաշնակցութեան հզօրացումը:
Իր խօսքին մէջ ան անդրադարձաւ նաեւ սուրիահայութեան վիճակին, Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին, Սփիւռքի կազմակերպուածութեան անհրաժեշտութեան, որովհետեւ անիկա հիմնական դերակատարութիւն ունի հայրենիքի յաւելեալ հզօրացման իմաստով (խօսքին ամբողջութիւնը տեսնել էջ 8):
Դաշնակցութեան 123ամեակին նուիրուած հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Մշակ Բանուոր» քայլերգով: