
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Ուրբաթ, 6 Դեկտեմբերի երեկոյեան Արամ Ա. կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի հաղորդակցութեան նախարար Նիքոլա Սահնաուին:
Հադիպման ընթացքին Արամ Ա. կաթողիկոս անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին, եւ այդ ծիրէն ներս Պիքֆայայի յուշարձանին, որ բարձրացած էր Ցեղասպանութեան 50ամեակին առիթով, ներկայացնելով հայ ժողովուրդի վերածնունդը եւ անոր երախտագիտութիւնը՝ հանդէպ Լիբանանին: Ապա վեհափառը առաջարկեց, որ յիշեալ յուշարձանը ներկայացնող լիբանանեան դրոշմաթուղթեր տպուին: Նախարարը սիրով ընդառաջեց վեհափառ հայրապետի փափաքին, եւ խոստացաւ յառաջիկայ տարուան Յունուարին այս գծով դիմել գործնական քայլերու: