ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Կամ կը մեղադրենք:
Նոր սերունդը, այսինքն՝ մեր զաւակները, հայերէն չեն կարդար, նոյնիսկ եթէ հայերէն կարդալ ու գրել գիտեն, նոյնիսկ եթէ հայկական վարժարան աւարտած են, հայ գրականութեան հանդէպ հետաքրքրութիւն ցոյց չեն տար, նուազագոյն իսկ տեղեկութիւն չունին ժամանակակից մեր գրողներուն մասին:
Ո՞վ է մեղաւորը:
Ե՞րբ էր վերջին անգամ, որ տան մը մէջ, ընտանեկան ընթրիքի կամ որեւէ հաւաքի մը ընթացքին մեր զաւակներուն հետ խօսած ենք գրական մեր գանձերուն մասին: Լաւագոյն պարագային՝ հարեւանցի անուններ արտասանած ենք, առանց անոնց գործերուն մասին ծաւալելու զրոյցը:
Ինչո՞ւ:
Կա՛մ պարզապէս մենք բաւարար տեղեկութիւն չունինք, բաւարար չենք ընթերցած, կա՛մ մեր երիտասարդական տարիներու ընթերցումները արդէն իսկ մոռացութեան ենթարկուած են: Նոր գրականութեան գծով բոլորովին բոպիկ ենք եւ եթէ մեր զաւակները մեզի հարցնեն, թէ ո՞վ է այսօր ամէնէն տաղանդաւոր հայ արձակագիրը կամ բանաստեղծը, դժուար թէ կարենանք պատասխան մը գտնել:
Ինչո՞ւ: Եթէ նոյնիսկ զինուած ենք գրականութիւն կարդալու անհրաժեշտ բոլոր գործիքներով, գիտենք կարդալ, մեզի հասանելի են աշխարհի տարբեր անկիւններ հրատարակուող գիրքերը, ապա ինչո՞ւ չենք կրնար համոզիչ կերպով մեր զաւակներուն, նոր սերունդին փոխանցել ու անոնց միտքին մէջ դրոշմել ժամանակակիցներու անուններ, այնպիսիներ, ինչպիսիք էին Հրանդ Մաթեւոսեանը, Սեւակը, Վահէ Օշականը ու Մուշեղ Իշխանը, Անդրանիկ Ծառուկեանը…
Ինչո՞ւ: Պատասխանատու ենք բոլո՛րս, նաեւ՝ մամուլի աշխատողներս: Նոյնիսկ ընթերցողներուն չենք մատուցեր ժամանակակիցներու գործերը, կամ եթէ նոյնիսկ ընենք, ապա՝ պատահականօրէն, առանց ծրագրումի, առանց յստակ նպատակակէտ ունենալու:
Կրնա՞նք փոխել իրավիճակը: Անշո՛ւշտ կրնանք:
ԱՅՈ, Պատասխանատու ենք բոլորս: