
Բարձր տնօրինութեամբ, Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Խաժակ արք. Յակոբեանի եւ Ազգային վարչութեան խառն ժողովին, Մեղրիկ Ծ. վրդ. Բարիքեան նշանակուեցաւ առաջնորդական փոխանորդ Քանատայի հայոց թեմին:
Մեղրիկ Ծ. վարդապետի Քանատայի մէջ ծառայութիւնը սկսած է 19 Դեկտեմբեր 2002ին, որպէս հոգեւոր հովիւ Ս. Աստուածածին Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ: 2010ին, առաջնորդին որոշումով, ան նշանակուած է Օնթարիոյ նահանգի հոգեւոր տեսուչ եւ միաժամանակ վարած է թեմի Կրօնական ժողովի ատենապետութիւնը: