Պատրաստեց՝
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Թմբկաթաղանթի ամբողջական վնասումով արտաքին ձայնալիքները ամբողջութեամբ չեն փոխանցուիր դէպի միջին եւ ներքին ականջ եւ կը յառաջանայ լսողութեան անակնկալ մասնակի կորուստ:
բ. Միջին ականջին երեք ոսկրիկներու անակնկալ քայքայում եւ իրարմէ անջատում, որ կը յառաջանայ երկու պատճառներով՝
1. Գանկային զօրաւոր հարուած-վնաս.
2. Շիճուկային հեղուկի (serous fluid) անակնկալ կուտակում թմբկախոռոչին մէջ, որ կը յառաջանայ՝
– Վերին շնչառական համակարգի անակնկալ սուր ժահրային (viral) բորբոքումով.
– Մթնոլորտի ճնշումի անակնկալ փոփոխութիւն, որ տեղի կ՛ունենայ լեռ բարձրանալու եւ լեռնէն վայրէջքի, ինչպէս նաեւ օդանաւային ճամբոդութեան ընթացքին:
Ոսկրիկներու քայքայումով եւ իրարմէ անջատումով արտաքին ձայնալիքներերու փոխանցումը դէպի ներքին ականջ ամբողջովին տեղի չունենար եւ կը յառաջանայ լսողութեան անակնկալ մասնակի կամ ամբողջական կորուստ:
Բ. Արտաքին ձայնալիքներու ընկալման անակնկալ խանգարում-ընդմիջումը տեղի կ՛ունենայ հետեւեալ պատճառներով.
ա. Լսողութեան ջիղի հատում եւ խխունջի վնասում, որոնք կը յառաջանան գանկային զօրաւոր վնաս-հարուածով.
բ. Լսողութեան ջիղի տկարացում-փճացում, որ կը յառաջանայ հետեւեալ ախտապատճառներով.
1. Մարմնական ժահրային ընդհանուր սուր հիւանդութիւններ, ինչպէս՝ հարբուխ (cold), կրիփ (influenza), ջրծաղիկ (varicell), ունկնանկ (mumps), սողնախտագօտի (herpes zoster), սողնախտ (herpes simplex).
2. Վերին շնչառական համակարգի սուր ժահրային եւ մանրէական (bacterial) բորբոքումներ.
3. Լսողութեան ջիղի թթուածինով յագեցած անբաւարար արեան մատակարարում, որ տեղի կ՛ունենայ՝ լսողութեան ջիղի զարկերակներու խցումով, արեան յառաջացած գերճնշումով (hypertension), շաքարախտով եւ արեան ճարպերու բարձրացումով.
4. Որոշ դեղերու գործածութիւն, որոնք նկատուած են ականջաթունաւորիչ դեղեր (ototoxic drugs): Այդ դեղերէն են՝ միզամղիչ (diuretic) դեղերը, ցաւաբեկ դեղեր՝ aspro-ն, aspirine-ը, հակամանրէական դեղեր՝ neomy-cine-ը, kanamycine-ը, stre-ptomycine- եւ հակամալարիայի դեղ՝ quinine-ը:
5. Տարեցութիւն (aging).
6. Մենիէրեան (Menieres disease) հիւանդութեան անակնկալ սուր զարգացում: Մենիէրեան հիւանդութիւնը ընդհանրապէս կը յայտնուի նոպայական (paroxismal) գլխապտոյտով եւ ականջաբզզիւնով ու լսողութեան ընկալական կորուստով: Մենիէրեան հիւանդութեան ախտաբանական զարգացումը տեղի կ՛ունենայ ներաւիշի կուտակումով ներքին ականջին մէջ, որ կը յառաջացնէ ներքին ականջի ընդլայնում եւ լսողական ու հաւասարակշռութեան ջիղի ճնշուածութիւն: Այս փոփոխութիւնները կը յառաջացնեն վերոնշեալ երեք ախտանշանները: Մենիէրեան հիւանդութեան անակնկալ սուր զարգացման ճշգրիտ պատճառը անորոշ է: Սակայն անոր զարգացումով տեղի կ՛ունենայ լսողութեան անակնկալ մեծ կորուստ:
7. Շատ բարձր-ուժգին եւ անակնկալ ձայներու ենթակայութիւն-վնաս (acoustic trauma), որ կը պատահի անակնկալ եւ զօրաւոր պայթումներով, ռումբերու արձակումով, որսորդութեան ընթացքին փամփուշտներու արձակումով եւ շատ բարձր աղմկարար երաժշտութեանն ունկնդրութեան ընթացքին:
Գ. Ուղեղաբջիջային լսողութեան մեկնաբանական խանգարումները կը յառաջանան ուղեղաբջիջային վնասումով, որ տեղի կ՛ունենայ հետեւեալ պատճառներով.
ա. Ներուղեղային անակնկալ արիւնահոսութիւն.
բ. Գանկային զօրաւոր հարուած.
գ. Ներուղեղային անակնկալ գերճնշում.
դ. Ուղեղի զարկերակներու անակնկալ խցում:

Լսողութեան անակնկալ կորուստ կը պատահի որեւէ տարիքի, առաւելաբար յառաջացած տարիքի:
Լսողութեան անակնկալ կորուստի ախտաճանաչումը կը կատարուի հետեւեալ գործընթացով.
Ա. Լսել հիւանդը եւ իմանալ անկէ լսողութեան կորուստին նկարագրականը.
Բ. Կատարել՝
ա. Բժշկական ընդհանուր քննութիւն եւ ականջային մանրակրկիտ քննութիւն ականջադիտակի (otoscope) օգտագործումով.
բ. Լսելաչափութիւն (audiometry)՝ գիտնալու համար լսողութեան կորուստի տարողութիւնը.
գ. Արեան շաքարի եւ ճարպերու տարրալուծարանային քննութիւն.
դ. Գլխու եւ մասնաւորապէս ականջի զանազան նկարահանումներ՝ Ք ճառագայթային (X-ray) նկարահանում եւ համակարգչային շերտագրական նկարահանում (CT Scan):
Լսողութեան անակնկալ կորուստը կրնայ ըլլալ մասնակի կամ ամբողջական՝ համաձայն ախտապատճառին տարողութեան: Անոր կրնան ուղեկցիլ՝ ականջաբզզիւն (tinnitus) եւ ակնաշարժ (nystagmus):
Անոր դարմանումը կախեալ է ախտապատճառէն: Հիմնական ախտաճանաչումը կատարուելէ ետք կը կատարուի ախտապատճառին դարմանումը որոշ պարագաներուն:
Փոխանցման անակնկալ խանգարումներու եւ ուղեղաբջիջային լսողութեան մեկնաբանական խանգարումներու հետեւանքով յառաջացած լսողական կորուստը ընդհանրապէս կարելի է վերականգնել մասամբ կամ ամբողջովին դարմանելով հիմնական ախտապատճառը: Իսկ ընկալական խանգարումներով յառաջացած լսողական անակնկալ կորուստը ընդհանրապէս կարելի չէ վերականգնել: