
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ Հասան Ռոհանի Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով, Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 27ին այցելած է Իրան-Իրաք պատերազմին ընթացքին զոհուած հայ զինուորներու ընտանիքներուն:
Ըստ Հայաստանի մօտ Իրանի դեսպանատան աղբիւրներուն՝ նախագահը նախ այցելած է Մովսիսեաններու ընտանիքին, որ հայրենիքի պաշտպանութեան եւ իսլամական յեղափոխութեան համար մղուող պայքարին ընթացքին զոհաբերած է ընտանիքին հայրն ու զաւակը:
Շնորհաւորելով զոհուածներուն հարազատները Ս. Ծննդեան տօնին առիթով՝ նախագահ Հասան Ռոհանի ընդգծած է իսլամական յեղափոխութեան ժամանակաշրջանին կրօնական փոքրամասնութիւններուն դերակատարութեան կարեւորութիւնը: Նախագահը, նշելով, որ իսլամներուն համար Յիսուս Քրիստոսը կը համարուի ողորմածութեան եւ բարութեան մարգարէ՝ աւելցուցած է. «Ասիկա պատեհ առիթ է, որպէսզի զոհուածներու ընտանիքներուն յայտնենք մեր երախտագիտութիւնը եւ մեծարենք անոնց անձնազոհութիւնն ու դիմադրութիւնը»:
Հանդիպման ընթացքին Մովսիսեաններու ընտանիքը պատմած է, թէ ինչպէ՛ս զոհուած են ընտանիքի հայրն ու որդին, ապա երկիրի նախագահին շնորհակալութիւն յայտնած են զոհուածներու ընտանիքները եւ յատկապէս իրենց ընտանիքը ուշադրութեան արժանացնելուն համար:
Նախագահը աշխարհի բոլոր քրիստոնեաները եւ յատկապէս Իրանի հայերը շնորհաւորելով Նոր Տարուան եւ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծնունդի կապակցութեամբ՝ մաղթած է բարեբեր տարի եւ ըսած. «Յոյս ունիմ, որ Նոր Տարին մեր բոլոր քրիստոնեայ հայրենակիցներուն համար պիտի ըլլայ քաջառողջութեան եւ բաիքներով լեցուն տարի մը»:
Միւս կողմէ, «Ալիք» օրաթերթը կը տեղեկացնէ, թէ «Աշխարհազօրայիններ» կազմակերպութեան պետ Մոհամմատ Ռեզա Նաղտի, ընկերակցութեամբ նոյն կազմակերպութեան տարբեր բաժիններու պատասխանատուներուն, նաեւ Զէյթուն քաղաքամասի քաղաքապետին եւ զանգուածային լրատուամիջոցներու լրագրողներու՝ այցելած է Իրան-Իրաք պատերազմի տարիներուն նահատակուած Զօրիկ Մուրադեանի եւ Նորիկ Բաբախանեանի բնակարանները՝ հանդիպում ունենալով անոնց ծնողներուն եւ ընտանիքի անդամներուն հետ:
Հանդիպումներուն ներկայ եղած է Գրիգորիս քհնյ. Ներսիսեանը, Թեմական խորհուրդի անդամներ Մարտիկ Միրզայեանն ու Ռուբէն Շահվերդեանը, ինչպէս նաեւ քաղաքամասի քաղխորհուրդի անդամ Յովիկ Մինասեանը:
Զօրիկ Մուրադեանը նահատակուած է 1980ին, իսկ Նորիկ Բաբախանեանը՝ 1988ին:
Նահատակներու ընտանիքները ողջունեցին այցելութիւնը եւ գնահատած նաեւ ազգային իշխանութեան ու քաղաքամասի քաղխորհուրդին ցուցաբերած ուշադրութիւնը:
Գրիգորիս քհնյ. Ներսիսեան դրուատանքով արտայայտուած է հայ նահատակներուն եւ անոնց ընտանիքներուն ցուցաբերած զոհաբերութիւններուն եւ ծառայութիւններուն մասին: Իր կարգին, Նաղտի, շնորհաւորելով Ամանորն ու Ս. Ծնունդը՝ նշած է, թէ նահատակներուն սխրագործութիւնները, ինչպէս նաեւ անոնց ընտանիքներուն զոհողութիւնները աննկարագրելի է: Ան կարեւոր նկատած է Իրանի մէջ կրօնական փոքրամասնութիւններու խաղաղ գոյակցութիւնը՝ իրենց իսլամ եղբայրներուն հետ: