– Լրագրողներու պաշտպանութեան յանձնախումբի տուեալներուն համաձայն՝ այս տարուան ընթացքին աշխարհի տարածքին սպաննուած են առնուազն 52 լրագրողներ, ինչ որ բարելաւում մը կարելի է նկատել՝ նախորդ տարուան ընթացքին արձանագրուած 73 զոհերուն հետ բաղդատած: Միայն Սուրիոյ մէջ, 21 լրագրողներ սպաննուած են այս տարի:
– Նիւ Եորքի միլիառատէր քաղաքապետ Մայքըլ Պլումպըրկի իշխանութեան օրերուն (2002էն ի վեր), քաղաքի անտունիներու ապաստանարաններու բնակչութեան թիւը 65 տոկոսով աճած է: Յատկանշական է նաեւ, որ քաղաքին նման ապաստանարաններուն մէջ մնացողներու 40 տոկոսը երեխայ է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.