ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ.- Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի գաղտնի սպասարկութեան՝ «Մոսատ»ի, գործակալները մարզած են Հարաւային Ափրիկէի նախկին նախագահ Նելսըն Մանտելան: Ըստ թերթին՝ Իսրայէլի պետական արխիւէն փաստաթուղթեր կը հաստատեն, թէ 1962ին՝ իր ձերբակալութենէն եւ երկարամեայ բանտարկութենէն առաջ, Մանտելա կապ հաստատած է իսրայէլացի գործակալներու հետ ու ծածկանուններ օգտագործելով՝ կրցած է մուտք գործել Եթովպիոյ մօտ Իսրայէլի դեսպանատուն: Հարաւային Ափրիկէի սպիտակամորթ ղեկավարութեան դէմ պայքարին մէջ օգնութեան խնդրանքով՝ երիտասարդ Մանտելա այցելած է նաեւ Եգիպտոս, Ալճերիա եւ Ղանա: Մանտելա, որ հետաքրքրուած է բրիտանացիներու եւ պաղեստինցիներու դէմ պայքարող հրէական ընդյատակեայ զինեալ պայքարին գործելաոճով, զինուորական մարզում ստացած է իսրայէլացիներէն՝ Հարաւային Ափրիկէ վերադառնալէ առաջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.