
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 27ի առաւօտեան, ուժգին պայթում մը ցնցեց Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի կեդրոնական շրջանները: Արդարեւ, «Սթարքօ» կեդրոնին մօտերը պայթեցաւ ականուած ինքնաշարժ մը, որ ըստ նախնական տուեալներուն՝ թիրախ դարձուցած էր նախկին նախարար Մուհամմատ Շաթահը:
Աւելի ուշ, ընդդիմադիր «Մուսթաքպալ» հոսանքի մօտիկ աղբիւրներ հաստատեցին Շաթահի սպանութիւնը: Պայթումը պատճառած է նաեւ առնուազն հինգ այլ զոհեր եւ քանի մը տասնեակ վիրաւորներ:
62ամեայ Շաթահ տնտեսագէտ մըն էր, որ ելեւմուտքի նախարարի պաշտօն վարած է ու եղած է նախկին վարչապետներ Ֆուատ Սինիորայի ու Սաատ Հարիրիի խորհրդականը: Ան շրջան մը նաեւ ստանձնած է Միացեալ Նահանգներու մօտ Լիբանանի դեսպանի պաշտօնը: