
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Ալ Այն քաղաքին մէջ անցեալ տարուան վերջին երկու շաբաթներուն կայացած ճատրակի աշխարհի պատանեկան ախոյեանութեան մրցումները աւարտած են Դեկտեմբեր 28ին։
Հայաստանէն Արամ Յակոբեանը հռչակուած է մինչեւ 12 տարեկան դասակարգի աշխարհի ախոյեան։
Արամ Յակոբեան 11 մրցումներու ընթացքին անպարտելի մնացած է՝ 11 առաւելագոյն կէտերէն ապահովելով 9.5 կէտ։