ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Չորեքշաբթիէն Հինգշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին, թուրք ոստիկաններ Թուրքիա-Սուրիա սահմանին մօտերը հսկայ բեռնակառք մը կանգնեցուցին, որովհետեւ լրատուութիւն մը կատարուած էր այն մասին, թէ այդ բեռնակառքը ապօրինի կերպով զէնք կը փոխադրէր։ Ոստիկանները ուզեցին խուզարկել բեռնակառքը, բայց բեռնակառքին մէջ գտնուող պաշտօնեաները, ինչպէս նաեւ բեռնակառքին հետեւող «Ֆիաթ» մակնիշով կառքի մը անձնակազմը ոստիկաններուն յայտնեցին, թէ իրենք Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութեան (ՄԻԹ) պաշտօնեաներ են ու ոստիկանները չեն կրնար խուզարկել կառքը։
Ոստիկանները պնդեցին խուզարկելու պահանջին վրայ, ուստի լուր տրուեցաւ դատախազին։ Այդ միջոցին, Հաթայի (Ալեքսանտրէթ) կուսակալը գրաւոր հրահանգով մը տեղեկացուց, թէ բեռնակառքը ՄԻԹին կը պատկանի ու ատիկա պետական գաղտնիք մըն է, ուստի կառքը պէտք չէ խուզարկել։ Բեռնակառքը ճամբայ ելաւ, բայց ոստիկանները երկրորդ անգամ կանգնեցուցին զայն՝ Սուրիա երթալուն արգելք հանդիսանալով։ Ի վերջոյ, Քըրըքխանի դատախազութիւնը հրահանգեց, որ բեռնակառքը ազատ արձակուի՝ հոն գտնուող պաշտօնեաներուն ինքնութեան ճշդումէն ետք։
Յայտնի է, որ բեռնակառքը զինանիւթ կը փոխադրէր դէպի Սուրիա։ Յայտնի է նաեւ, որ Թուրքիան Սուրիոյ մէջ որո՛ւն զէնք կրնայ ուղարկել։ Գաղտնիք չէ, որ Թուրքիա կ՛օգնէ նախագահ Պաշշար Ասատի դէմ կռուող ապստամբ ուժերուն։
Նորընտիր ներքին գործոց նախարար Էֆքան Ալա, որ Հինգշաբթի օր խորհրդարանին մէջ իր երդումը ըրաւ ու պարտականութիւնը ստանձնեց, դէմ յանդիման մնաց այս նիւթին շուրջ լրագրողներու հարցումներուն։ Նախարարը տուաւ պատասխան մը, որ երբեք համոզիչ չէր։ Ան ըսաւ. «Հոն թիւրքմէններ կան։ Այս կառքը թիւրքմէններուն օժանդակութիւն կը տանէր։ Ամէն մարդ իր պարտականութիւնը թող գիտնայ»։ Քանի մը լրագրողներ անմիջապէս հեգնանքով դիմաւորեցին նախարարին յայտարարութիւնը:
Այսպէս, Հաթայի ոստիկանները անճարակութի՞ւն ի գործ դրին, թէ իրենց պարտականութիւնը կատարեցին։ Ամէն պարագայի, պետական գաղտնիք մը այս կերպով երեւան հանուեցաւ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.