
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- «Ուաշինկթըն Փոսթ» թերթը խմբագրականով մը կոչ ըրած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային, որ ճնշում բանեցնէ Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանի վրայ, որպէսզի վերջինս յարգէ իրաւական կարգն ու օրէնքները: Կաշառակերութեան ամբաստանութեանց հակադարձելով՝ Էրտողան պաշտօնանկ ըրաւ հետապնդման գլխաւոր դատախազը եւ մեծ թիւով ոստիկաններ։ Ան պնդեց, որ այս պատահարները կազմակերպուած են դուրսը եւ անոնց թիրախը իր իսկ անձն է։
«Ուաշինկթըն Փոսթ» դիտել կու տայ, որ վարագոյրի ետին կայ այն անհամաձայնութիւնը, որ ծագած է իշխող կուսակցութեան եւ Կիւլենի համայնքին միջեւ։ Թերթը կը նշէ նաեւ, որ Կիւլենի համակիրները կարեւոր դիրքեր ունին ապահովութեան ու իրաւական համակարգերէն ներս։ Մինչ Կիւլենի համայնքը շրջան մը Էրտողանին օգնած էր, որպէսզի ան կոտրէ բանակին ուժը, այժմ նոյն այդ համայնքը սկսած է թիրախ դարձնելու Էրտողանի ամէնէն մօտիկ մարդիկը։
Ամերիկեան թերթին համաձայն՝ այս խնդիրին մէջ կարեւորը Կիւլենը չէ, այլ Էրտողանի բռնած դիրքը։ Կիւլենի ու Էրտողանի միջեւ ծագած անհամաձայնութիւնը կրնայ բազմաթիւ պատճառներ ունենալ։ Ըստ ոմանց՝ Կիւլեն դժգոհ է, որ Էրտողան կռիւ հռչակած է Իսրայէլի դէմ, նաեւ դժգոհ է, որ Թուրքիա Սուրիոյ ընդդիմադիրներուն կը զօրակցի։ Բայց Ամերիկայի ու կարգ մը արեւմտեան երկիրներու համար կարեւորն այն է, որ Էրտողան ատենօք կը դիտուէր որպէս իսլամ օրինակելի ղեկավար եւ Օպամային ամենամօտիկ դաշնակիցը, իսկ հիմա ան քաղաքական մարտահրաւէր կարդացած է Ամերիկայի դէմ։
Թերթը կը նշէ, թէ պայքարին արդիւնքը պիտի ճշդուի ո՛չ թէ դատարաններուն, այլ ընտրական սնտուկներուն կողմէ։ Եթէ Էրտողան այս ընտրութիւնն ալ շահի, այս անգամ ան նոր օրէնքով մը պիտի ընդարձակէ հանրապետութեան նախագահի լիազօրութիւնները, ապա ինքզինք նախագահի թեկնածու պիտի հռչակէ. «Ուժի նման կուտակում մը նպաստաւոր է ո՛չ Թուրքիոյ համար, ոչ ալ Արեւմուտքին համար։ Օպամայի կառավարութիւնն ու Եւրոմիութիւնը Էրտողանին վրայ պէտք է ճնշում բանեցնեն՝ պահանջելով իրմէ, որ առաւել յարգանք ցուցաբերէ իրաւական համակարգին նկատմամբ ու արտօնէ, որ դատախազներն ու ոստիկանները իրենց գործը ազատօրէն կատարեն», եզրակացուցած է թերթը: