ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան պաշտօնական այցելութիւն տուած է Փանամա, ուր հանդիպում ունեցած է երկրի արտաքին գործոց նախարար Ֆերնանտօ Ֆապրեկանի հետ: Նալբանդեան դիտել տուած է, որ այս այցելութիւնը յաւելեալ լիցք կը հաղորդէ երկկողմանի յարաբերութիւններուն։
Նախարարներու հանդիպման ընթացքին շարունակուած են անցեալ տարուան Սեպտեմբերին Նիւ Եորքի մէջ մեկնարկած քննարկումները՝ երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման վերաբերեալ:
Նախարար Նալբանդեան դիտել տուած է, որ թէեւ Հայաստանն ու Փանաման հեռու են հազարաւոր քիլոմեթրերով, սակայն երկիրները համակարծիք են միջազգային բազմաթիւ հարցերու շուրջ, ինչ որ լաւ հիմք է տարբեր բնագաւառներու մէջ փոխգործակցութեան զարգացման համար:
Երկուստեք կարեւոր նկատած են բարձրաստիճան այցելութիւններու կազմակերպումը, իրաւական-պայմանագրային դաշտի ձեւաւորման, նախարարութիւններուն միջեւ խորհրդատուութիւններու կայացման, միջազգային կառոյցներուն մէջ փոխգործակցութեան սերտացման անհրաժեշտութիւնը. շեշտուած է, որ մայրաքաղաքներուն մէջ համատեղութեան կարգով դեսպաններու հաւատարմագրումը պիտի նպաստէ երկկողմանի յարաբերութիւններու սերտացման:
Նախարարները միտքեր փոխանակած են միջազգային եւ տարածաշրջանային խնդիրներու վերաբերեալ:
Նոյն օրը Էդուարդ Նալբանդեան հիւրընկալուած է Փանամայի ազգային ժողովին մէջ, ուր տեղի ունեցած է Փանամայի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Տալիա Պերնալի հետ հանդիպումը, որուն կը մասնակցէր նաեւ արտաքին գործոց փոխնախարար Մայրա Արօսեմենան:
Անոնք ողջունած են Էդուարդ Նալբանդեանի առաջարկը՝ Հայաստանի Ազգային ժողովին հետ բարեկամութեան խումբ ստեղծելու վերաբերեալ՝ շեշտելով, որ ատիկա պիտի օժանդակէ միջխորհրդարանական կապերուն եւ այդ ճանապարհով նաեւ միջպետական յարաբերութիւններու զարգացման:
Նախարար Նալբանդեան զրուցակիցին ներկայացուցած է ղարաբաղեան հիմնախնդիրի խաղաղ կարգաւորման նպատակով Հայաստանի եւ միջազգային հանրութեան կողմէ գործադրուող ջանքերը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.