ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Նուազագոյն աշխատավարձը Հայաստանի մէջ կրնայ կրկին բարձրացուիլ: Համաձայն Հայաստանի կառավարութեան 2014ի գործունէութեան ծրագիրին, որ ընդունուած է գործադիրի 9 Յունուարի նիստին, աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութիւնը պիտի առաջարկէ վերանայիլ «Նուազագոյն աշխատավարձի մասին» օրէնքը՝ յօգուտ քաղաքացիներուն եկամուտի աճի, ինչպէս նաեւ կենսաթոշակներու բարձրացման աշխատանք տանելու մտադրութեամբ: Աշխատանքներուն արդիւնքները նախատեսուած է ներկայացնել տարուան երկրորդ կէսին:
Յիշեցնենք, որ վերջին տարիներուն նուազագոյն աշխատավարձը երկու անգամ բարձրացած է՝ 1 Յուլիս 2013ին հասնելով 45 հազար դրամի, իսկ 1 Յունուար 2014ին՝ 50 հազար դրամի:
2014ին միջին կենսաթոշակը պիտի կազմէ 36 հազար դրամ՝ 2013ի 31 հազարի փոխարէն:
Բացի ատկէ, նախատեսուած է որդեգրել որոշում մը, որուն մէջ պիտի ճշդուի 18ամեայ անտուն անձերուն ժամանակաւոր կացարան տրամադրելու եւ հասարակութեան մէջ զանոնք համարկելու հարցերը: Նախատեսուած է փոփոխութիւններ կատարել նաեւ համալսարանական եւ ոստիկանական բնագաւառներուն մէջ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.