
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ատրպէյճան որոշած է Թուրքիայէն հակահրասայլային արդիական հրթիռներու համակարգեր գնել: Ըստ ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութեան, որ իր կարգին կը վկայակոչէ ռազմական աղբիւրներ՝ ներկայիս այդ հրթիռներու փորձարկումները կը կատարուին ատրպէյճանցի զինուորականներու մասնակցութեամբ:
Հրթիռները արտադրող «Ռոքեթսան» ընկերութեան ներկայացուցիչներուն վկայութեամբ՝ ատրպէյճանցի զինուորականները բարձր գնահատած են համակարգերուն որակը: Հակահրասայլային հրթիռներու այս համակարգերը կարելի է տեղադրել փոխադրական միջոցներու, անօդաչու օդանաւերու եւ ուղղաթիռներու վրայ: