
ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Չորեքշաբթի, Յունուար 15ին, Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի Կրթական հարցերով յանձնախումբը, հաստատակամօրէն դէմ դնելով Ցեղասպանութիւնը ուրանալու ջանքերուն՝ միաձայնութեամբ վաւերացուց խորհրդարանի անդամ Ատրին Նազարեանի ներկայացուցած բանաձեւը՝ Հայկական Ցեղասպանութեան եւ այլ ցեղասպանութեանց ուսուցումը նահանգային դպրոցական ծրագիրներուն մէջ (7-12 դասարաններ) ներառելու մասին:
«Մեծ հպարտութեամբ ներկայացուցի «AB-659» բանաձեւը, որուն շնորհիւ հայ վերապրողներուն բանաւոր վկայութիւնները եւս մաս պիտի դառնան Հայկական Ցեղասպանութեան դասաւանդութեանց: Կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին՝ իր ցուցաբերած օժանդակութեան համար, ու անոր աջակցութեան պիտի ապաւինիմ, մինչ այս բանաձեւը կը յառաջանայ դէպի խորհրդարանի լիագումար նիստը: Կ՛ուզեմ նաեւ դրուատել բանաձեւը միաձայնութեամբ վաւերացնելու Կրթական հարցերով յանձնախումբի անդամ պաշտօնակիցներուս քայլը, որ զանոնք դրաւ ճշմարտութեան ու արդարութեան կողքին», կ՛ըսէ Նազարեան:
«Քալիֆորնիա հաստատուած են մեծ թիւով գաղթականներ, որոնց մեծ մասը Ցեղասպանութենէն վերապրած կամ Ցեղասպանութիւնը վերապրածներու ժառանգորդ է: Անոնք կրնան ուղղակի վկայութիւններ հաղորդել իրենց փորձառութիւններուն մասին», կը նշէ բանաձեւի հեղինակը՝ աւելցնելով, որ այդ իրողութիւնը առաւելութիւն մըն է նահանգին, այդ գիտելիքները ապագայ սերունդներուն ուսուցանելու գործին մէջ:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի օրէնսդրական հարցերու վարիչ Հայկ Պաղտասարեան, բանաձեւին ի նպաստ տպաւորիչ ելոյթ մը ունեցաւ, մինչ բանաձեւին դէմ արտայայտուելու եւ Ցեղասպանութիւնը ուրանալու թրքական կողմին փորձերը կասեցուեցան յանձնախումբի ատենապետ Ճօէն Պիւքենընի ու յանձնախումբի անդամներ Շըրլի Ուեպըրի եւ Ռաքի Չաւեզի միջամտութեանց շնորհիւ, որոնք յստակացուցին պատմական իրողութիւնները:
Պաղտասարեան դրուատեց խորհրդարանի անդամները, որոնք յստակօրէն տեսած են զիրենք Ցեղասպանութեան ուրացման մեղսակից դարձնելու Թուրքիոյ ջանքերը եւ դէմ դրած են անոնց:
7-0 քուէներով վաւերացուած բանաձեւը այժմ կարելի պիտի ըլլայ քննարկութեան դնել նահանգային խորհրդարանի Յատկացումներու յանձնախումբի օրակարգին վրայ:
Հայկական Ցեղասպանութեան կողքին, բանաձեւը կոչ կ՛ընէ պատմութեան դասանիւթերուն մէջ ներառելու նաեւ Հրէական Ողջակիզումի, Քամպոտիոյ, Տարֆուրի, Ռուանտայի ու այլ ցեղասպանութիւններու մասին պատմող բանաւոր վկայութիւնները, ըլլան անոնք վերապրողներէ, ականատեսներէ կամ փրկուողներէ:
Բանաձեւը նաեւ կոչ կ՛ընէ ցուցմունքներ, դասանիւթեր ու անոնց առնչակից նիւթեր տրամադրել Հայկական Ցեղասպանութիւնը դասաւանդող ուսուցիչներուն:
Այս բանաձեւէն կրնայ օգտուիլ նաեւ Ցեղասպանութեան ուսուցման ծրագիրը (GenEd)՝ աւելի մեծ թիւով աշխատանիստեր կազմակերպելու եւ դասանիւթեր բաժնելու մոջոցներ ձեռք ձգելով:
`