ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.– ՀՅԴ Արցախի «Նիկոլ Դուման» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է ՀՅԴ Արցախի նորընտիր Կեդրոնական կոմիտէի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան շրջաններու կուսակցական պատասխանատու մարմիններու հանդիպում, որուն մասնակցած են 5 տասնեակէ աւելի ընկերներ:
ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան՝ նիստին բացումը կատարելով շնորհաւորեց բոլորին Նոր Տարին եւ յոյս յայտնեց, որ 2014 թուականին եւ անոր յաջորդող տարիներուն կուսակցութիւնը կ՛ունենայ նորանոր յաջողութիւններ եւ յառաջընթաց:
ԿԿի ներկայացուցիչը ընկերներուն տեղեկացուց, որ արդէն մշակուած է կուսակցութեան մէկ տարուան գործնէութեան ծրագիրը, որուն մէջ մեծ ուշադրութիւն դարձուած են շրջաններու կացութեան եւ առկայ մտահոգութիւններուն:
Շրջաններու պատասխանատու ընկերները ներկայացուցին իրենց շրջաններուն մէջ տիրող իրավիճակը եւ արծարծեցին շարք մը կազմակերպական հարցեր:
Հանդիպման ընթացքին ներկաներուն խօսք փոխանցեց նաեւ ՀՅԴ Արցախի ԿԿի անդամ, ԼՂՀ փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեանը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.