ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ մէջ ներքին քաղաքական կեանքը վերջերս դարձեալ այնքա՛ն բռնկած է, որ քաղաքագէտները չեն բաւարարուիր պարզապէս զիրար քննադատելով, այլ իրարու հասցէին կը տեղացնեն նաեւ նախատինքներ։
Վերջերս, մէկէ աւելի քաղաքագէտներ ցնցիչ նախատինքներ տեղացուցին վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի հասցէին. անոնցմէ մէկն էր գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլուն: Ան վերջերս ըսած էր. «Էրտողան վարչապետ չէ, գողապետ է )պաշ չալան)»։
Գողութեան առնչութեամբ այսպիսի ամբաստանութիւն մը փաստի կը կարօտի, անշուշտ, ու կրնայ դժուար կացութեան մատնել առանց փաստի այդպիսի բան մը արտասանողը։ Քըլըճտարօղլու վարչապետին հասցէին խօսելու ընթացքին գործածած է նաեւ նախադասութիւններ, ինչպէս՝ «ապօրինութեան ճամբուն վրայ անօրինակ վարպետ», «Աշխարհի ամէնէն հարուստ վարչապետը», «անամօթ», «աներես», «կաշառակեր» եւ այլն։
Հինգշաբթի, Յունուար 23ին, թրքական մամուլը տեղեկացուց, որ Էրտողան այս նախատական արտայայտութիւններուն դիմաց դատ բացած է Քըլըճտարօղլուի դէմ՝ 100,000 լիրայի հատուցում պահանջելով եւ պնդելով, թէ նմանօրինակ նախատինքներ պէտք չէ անպատիժ մնան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.