
ԱՆԳԱՐԱ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Հինգշաբթի, Յունուար 23ին, Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանի զաւակին ու երկիրը հարուածած զեղծարարութեանց գայթակղութեան միջեւ կապերուն մասին ակնարկութիւն մը ֆիզիքական բախում պատճառած է իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան եւ գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան երեսփոխաններուն միջեւ. իբրեւ հետեւանք՝ ընդդիմադիր երեսփոխան մը հիւանդանոց փոխադրուած է: