ՊԱՔՈՒ.- Զինուորական աղբիւրներ ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ Ատրպէյճան եւ Թուրքիա աշխատանք կը տանին ռատարի միացեալ համակարգ մը հաստատելու: Այդ համակարգը երկու երկիրներու հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերուն ճանաչելի պիտի դարձնէ օդանաւերու ինքնութիւնը: Ներկայիս հարցը կը քննարկուի երկու երկիրներու համապատասխան նախարարութիւններուն կողմէ: Հարցը եղած է նաեւ Թուրքիա այցելած Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարի օրակարգին վրայ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.