ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Լիբանանի նախագահ Միշել Սլէյման մաղթեց, որ «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովը յաջողութիւն կ՛արձանագրէ, որպէսզի կարելի ըլլայ Սուրիոյ տագնապին վերջ մը տալ: Ան շեշտեց, որ Լիբանան պէտք է պահպանէ Սուրիոյ հարցով իր չէզոք կեցուածքը, որպէսզի կարենայ ինքզինք հեռու պահել Սուրիոյ տագնապի հետեւանքներէն: «Ի՛նչ ալ ըլլան պատճառաբանութիւնները, պէտք է Լիբանանը իր չէզոք դիրքին վերադարձնել՝ անմիջապէս կասեցնելով Սուրիոյ բախումներուն անոր մասնակցութիւնը», ըսաւ նախագահ Սլէյման: Ան շեշտեց, որ անհրաժեշտ է Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում մը ապահովել, որպէսզի կարելի ըլլայ երկրին կայունութիւնը վերահաստատել եւ սուրիացի գաղթականները վերադարձնել իրենց բնակարանները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.