ՏԱՒՈՍ, «Ֆարս».- Հինգշաբթի, Յունուար 23ին, Տաւոսի մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի միջեւ. ընթացքին շեշտուած է քաղաքական, տնտեսական, ուժանիւթի, մշակութային եւ այլ մարզերու մէջ գործակցութիւնը սերտացնելու կարելիութիւնները: Ռուհանի նաեւ խոստացած է օժանդակել Ատրպէյճանի ուժանիւթի մարզին: Կողմերը քննած են տարածաշրջանին վերաբերող շարք մը հարցեր:
Միւս կողմէ, Ռուհանի Տաւոսի միջազգային տնտեսական համախմբման ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ արտաքին աշխարհին հետ Իրանի յարաբերութիւնները բարելաւելու ժամանակը հասած է: «Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ յարաբերութիւնները նոր հանգրուան մուտք գործած են: Որեւէ թշնամութիւն կրնայ յաւերժօրէն շարունակուիլ, նոյնպէս՝ ոչ մէկ ընկերութիւն կրնայ յաւերժ ըլլալ: Ուստի, մենք պէտք է թշնամութիւնը վերածենք ընկերութեան», ըսաւ Ռուհանի: Ան շեշտեց, որ շրջանին մէջ «բռնարարքներու, ահաբեկչութեան եւ ծայրայեղականութեան բոցերը պիտի հասնին բոլորին»՝ աւելցնելով, որ «ծայրայեղականութեան դէմ պայքարը բարգաւաճումով կը սկսի»: Ան կրկնեց. «Խաղաղ նպատակներով հիւլէական ուժանիւթի մեր իրաւունքէն պիտի չհրաժարինք»: Իսկ Սուրիոյ տագնապի լուծման մասին խօսելով՝ ան ընդգծեց, որ անոր «լաւագոյն լուծումը՝ ազատ ու ժողովրդավար ընտրութիւններն են»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.