ԺԸՆԵՒ, «Ռոյթըրզ».- Սուրիոյ հարցով ՄԱԿի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի Ուրբաթ, Յունուար 24ին չկրցաւ իրարու քով բերել Սուրիոյ կառավարութեան եւ ընդդիմութեան ներկայացուցիչները, սակայն օրուան ընթացքին երկու կողմերուն հետ իր շարունակած խորհրդակցութեանց շնորհիւ, ան կրցաւ Շաբաթ օր հանդիպելու շուրջ համաձայնութիւն մը գոյացնել:
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մուալլեմ այս համաձայնութենէն անմիջապէս առաջ ազդարարած էր Շաբաթ օր Ժընեւ չմնալ, եթէ ընդդիմութիւնը պատրաստակամութիւն չյայտէ «լուրջ բանակցութեանց» սկսելու:
Բանակցութեանց մօտիկ աղբիւրներ կը յայտնեն, թէ կարելի չէ եղած Ուրբաթ օր կողմերը բանակցութեան սեղան բերել, որովհետեւ ընդդիմութիւնը պնդած է, թէ կառավարութեան ներկայացուցիչներուն հետ «նոյն սենեակին մէջ պիտի չգտնուի», այնքան ատեն, որ կառավարութիւնը համաձայնած չէ նախագահ Պաշշար Ասատը իշխանութենէն հեռացնելու նախապայմանին: Ընդդիմութիւնը կը պնդէ, թէ «Ժընեւ-1»ի ընթացքին համաձայնուած փոխանցման կառավարութեան մէջ, նախագահ Ասատը ոչ մէկ դերակատարութիւն պէտք է ունենայ, սակայն Դամասկոս անհիմն կը նկատէ այդ պնդումը:
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերի դարձեալ յայտնեց, որ «Ասատ Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան հաստատման դիմաց արգելք մըն է»՝ աւելցնելով, որ «Ասատի տապալումէն ետք, աշխարհը Սուրիոյ ալաուիներն ու փոքրամասնութիւնները պիտի պաշտպանէ»:
Իր կարգին, Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ կոչ ուղղեց, որ Սուրիոյ մէջ գործուած պատերազմական ոճիրներուն համար Ասատն ու անոր մտերիմները ամբաստանելու չաճապարեն՝ նախքան այդ ոճիրները հետաքննելը: «Ասատ պետութեան նախագահ է, եւ զինք կարելի չէ անտեսել, իսկ երկրին կացութիւնը շատ դժուար է»:
Նաեւ, Սուրիոյ նախագահի խորհրդական Պուսայնա Շաապան «Սի.Էն.Էն.»ին յայտնեց, որ Ասատէն իշխանութենէ հեռանալ պահանջող Քերիի կեցուածքը «գաղութատիրական» մօտեցումի մը հետեւանք է: Ան յիշեցուց, որ «մենք Սէուտական Արաբիոյ, Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի ներքին գործերուն չենք միջամտեր»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.