– «Պլումպըրկ» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու՝ Չինաստանին դիմաց ունեցած պետական պարտքը Նոյեմբեր 2013ին հասած է 1.317 եռիլիոն տոլարի, ինչ որ նոր մրցանիշ մըն է:
– Ֆրանսիս պապը նշած է, որ համացանցը «Աստուծոյ պարգեւն է»՝ դիւրացնելով մարդոց միջեւ երկխօսութիւնը: «Բայց մշտապէս համացանցին վրայ ըլլալու ցանկութիւնը կրնայ մեր մտերիմներէն մեկուսանալու առաջնորդել մեզ: Ուղղակի հաղորդակցութիւնը՝ թուային ճարտարագիտութիւններու դարաշրջանին մէջ, կարծես ցաւը մեղմացնող օշարակ եւ սիրտը ուրախացնող լաւ գինի ըլլայ», ըսած է պապը:
– «Իթար-Թասս» կը հաղորդէ, որ Չինաստանի Համայնավար կուսակցութեան կարգապահութեան վերահսկումի հարցերով Կեդրոնական յանձնախումբի զեկուցումին մէջ նշուած է, որ անցեալ տարի կարգապահական խախտումներ արձանագրելու պատճառով պատժուած են 182,000 չինացի պաշտօնեաներ, ինչ որ 13.3 առ հարիւրով գերազանցած է 2012ի ցուցանիշը:
– 2013ի առաջին կիսուն, Լոս Անճելըս գաւառի ոստիկանութեան շուները խածած են 17 կասկածելիներ, որոնք բոլորը սեւամորթ կամ սպանախօս եղած են:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.