
ԺԸՆԵՒ, «Էյ.Փի.».- Ժընեւի մէջ շաբաթ մը առաջ սկսած Սուրիոյ կառավարական եւ ընդդիմադիր պատուիրակութեանց միջեւ բանակցութիւններու առաջին հանգրուանը աւարտեցաւ Ուրբաթ, Յունուար 31ին, առանց յաջորդ նիստի թուականը որոշելու:
Մէկ օր առաջ, ՄԱԿի կեդրոնատեղիէն աղբիւր մը յայտնած էր, թէ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմիի հետ Սուրիոյ կառավարական եւ ընդդիմադիր պատուիրակութեանց Հինգշաբթի երեկոյեան նախատեսուած հանդիպումները ջնջուած էին:
Իպրահիմի, Ուրբաթ օր տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, թէ յառաջխաղացքը շատ դանդաղ է, սակայն դրական նկատեց բանակցութիւնները շարունակելու պատրաստակամութիւնը:
Իպրահիմի առաջարկած էր բանակցութիւնները շարունակել Փետրուար 10ին, սակայն Սուրիոյ կառավարութեան պատուիրակութիւնը հաղորդած է, թէ վերջնական թուական մը որոշելէ առաջ՝ Սուրիոյ կառավարութիւնը պէտք է նախ քննէ վերջին մէկ շաբթուան բանակցութիւններու արդիւնքը:
Միւս կողմէ, ՄԱԿի ընդհանուր Քարտուղար Պան Քի Մուն յայտնեց, թէ Ժընեւի բանակցութիւնները յառաջխաղացք արձանագրած են, սակայն չէ մանրամասնած այդ մասին:
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մուալլեմ Ուրբաթ օր յայտարարեց, թէ Ժընեւի մէջ կարելի չէ եղած յատկանշական յառաջխաղացք արձանագրել, ընդդիմութեան «ոչ հասուն» դիրքին պատճառով: Ան նաեւ քննադատեց բանակցութիւններու միջամուխ ըլլալու Միացեալ Նահանգներու փորձերը՝ աւելցնելով, թէ Սուրիոյ իշխանութիւնները բանակցութեանց ընթացքին կը խորհրդակցէին Մոսկուայի հետ: Ան նաեւ դատապարտեց փոխանցման կառավարութիւն մը կազմելու ընդդիմութեան փորձերը:
Իրենց կարգին, ընդդիմադիրները յայտարարեցին, թէ պիտի շարունակեն բանակցութիւնները՝ շեշտը դնելով փոխանցման կառավարութիւն մը կազմելու պահանջին վրայ:
«Նաշրա» կայքը հաղորդեց, թէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու մասին Սուրիոյ կառավարական պատուիրակութեան ներկայացուցած հաղորդագրութիւնը՝ ընդդիմադիր պատուիրակութեան կողմէ մերժելու որոշումը «յստակ փաստ մըն է, որ ընդդիմութիւնը ահաբեկչութեան կը զօրակցի եւ սուրիացի ժողովուրդի ձգտումներուն հակառակ կ՛ընթանայ»:
Նաեւ, Ուրբաթ օր, ՄԱԿի կեդրոնատեղիին առջեւ մօտաւորապէս 200 ցուցարարներ Սուրիոյ կառավարութեան ի նպաստ ցոյց մը կատարեցին: