
Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանին կողմէ 1 Փետրուար 2014ին հրապարակուած հաղորդագրութենէ մը կը տեղեկանանք, թէ առաջնորդ Շահան եպս. Սարգիսեանին արքութեան աստիճան եւ տիտղոս շնորհուած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Հալէպահայեր» դիմատետրի էջը:
Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսին կողմէ 11 Յունուարին ստորագրուած կոնդակով մը բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան եպս. Սարգիսեանին շնորհուած է արքութեան կոչում:
Շահան սրբազան շուրջ տասը տարիէ ի վեր ձեռնհասօրէն ու երիտասարդական կորովով կը վարէ Բերիոյ թեմի (Հալէպ, հիւսիսային Սուրիա եւ ծովափ) առաջնորդական պաշտօնը, որ հիմա, երկրին մէջ բռնկած պատերազմական վիճակին հետեւանքով, դարձած է յոյժ պատասխանատու եւ ծանր: