
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան 5 Փետրուարին ընդունած է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ Իկոր Փոփովը, Ժագ Ֆորը, Ճէյմզ Ուորլիքը եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքը: Զրուցակիցները քննարկած են շփման գիծին վրայ տիրող իրավիճակը եւ անոր հետեւանքները:
Անդրադառնալով Յունուար ամսուան ընթացքին ատրպէյճանական կողմի սադրիչ գործողութիւններուն՝ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը նշած է, որ անոնք կը հակասեն անցած տարուան Նոյեմբերին եւ մինչ այդ զինադադարի դրութեան պահպանման վերաբերեալ ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն, ինչպէս նաեւ կարեւոր նկատած է նման դէպքերու առնչութեամբ կատարուած գնահատումը: Այդ առումով Սէյրան Օհանեան համանախագահներուն կոչ ուղղած է՝ աշխուժացնելու աշխատանքները եւ համապատասխան միջոցներ ու մասնագէտներ ներգրաւելու միջադէպերու քննութեան գործընթացի ստեղծման համար:
Նախարարը տեղեկացուցած է, որ 20 Յունուարին ղարաբաղեան-ատրպէյճանական հանդիպման գիծի հիւսիսարեւելեան եւ հարաւարեւելեան ուղղութիւններուն վրայ հակառակորդին կողմէ հետախուզական բնոյթի յարձակման փորձ կատարող խումբերու ներթափանցման առնչութեամբ նախարարութիւնը հետաքննութիւն կը կատարէ:
Հանդիպման մասնակիցները կարեւոր նկատած են նաեւ զինադադարի դրութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը: