
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմինա Նաու».– Աւարտեցաւ Ցիւրիխի մէջ (Զուիցերիա) տեղի ունեցած ճատրակի միջազգային գերմրցաշարքը, երբ վերջնական դասաւորման մէջ աշխարհի ախոյեան Մակնիւս Քարլսըն՝ ապահովելով 10 կէտ, տիրացաւ տիտղոսին:
Հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան 9 կէտ ապահովելով հանդիսացաւ երրորդ:
Նշենք, որ արագ ճատրակին մէջ Արոնեան հանդիսացաւ երրորդ՝ 3 կէտով, մինչ առաջին հանդիսացաւ Ֆապիանօ Քարուանօ, որ ապահովեց 4 կէտ: