
Երեքշաբթի օր, Փարիզի մէջ կայացաւ Ֆրանսայի մէջ հաւատարմագրուած «ֆրանքոֆոն» (ֆրանսախօս) երկրներու դեսպաններու եւ «Ֆրանքոֆոնի»ի միջազգային կազմակերպութեան անդամ եւ դիտորդ երկիրներու ներկայացուցիչներուն հանդիպումը, որուն մասնակցեցան նաեւ Ֆրանսայի մօտ Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիտեչեան եւ «Ֆրանքոֆոն»ի մշտական խորհուրդին մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչ, դեսպան Քրիստիան Տէր Ստեփանեան:
Հանդիպման նպատակն էր ստեղծել Ֆրանսայի մէջ «ֆրանքոֆոն» դեսպաններու խումբ: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութեան փոխանցումով՝ միաձայնութեամբ նորաստեղծ խումբի ղեկավար ընտրուած է Քրիստիան Տէր Ստեփանեանը:
Խումբի գործունէութիւնը կը միտի «Ֆրանքոֆոնի»ի արժէքներու եւ սկզբունքներու տարածման, «ֆրանքոֆոնի»ի, ինչպէս նաեւ ժողովուրդներու միջեւ փոխըմբռնման մթնոլորտի ամրապնդման: