
ՓԱՐԻԶ.- Փարիզի քաղաքապետութեան թեկնածու ընկերվարական Անն Հիտալկօ ՀՅԴի պատուիրակութեան մը կողմէ ընդունուած է Փարիզի Հայ մշակոյթի տան մէջ:
Թաղապետական ընտրութիւններուն երկու ամիս մնացած, հակառակ իր խիստ ծանրաբեռնուած ժամամանակացոյցին, ան չէ վարանած ընդառաջելու հրաւէրին եւ Յունուարի վերջաւորութեան ամբողջ յետմիջօրէ մը յատկացուցած է այս տեսակցութեան:
Փարիզի համար իր ընդհանուր յանձնառութիւնները ներկայացնելէ ետք, ընկերվարական թեկնածուն շեշտը դրած է ազատութեան եւ արդարութեան իր փարումին վրայ: Հայ Դատի թղթածրարներուն լաւ տիրապետող Անն Հիտալկօ, կրկնած է իր յանձնառութիւնը ժխտողականութեան դէմ պայքարին գծով:
«Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը պատժող օրէնքը անհրաժեշտութիւն է, եւ ես լիովին զօրավիգ եմ անոր», ըսած է Փարիզի քաղաքապետութեան թեկնածուն:
Ինչ կը վերաբերի Եւրոպական Միութեան Թուրքիոյ անդամակցութեան հարցին, հոս եւս Անն Հիտալկօ վճռական կեցուածք ցուցաբերելով՝ ըսած է, թէ այնքան ատեն որ այդ երկիրը չի ճանչնար Հայոց Ցեղասպանութիւնը, անկարելի է նախատեսել այդ անդամակցութիւնը, որուն կապակցութեամբ ան աւելցուցած է, թէ Թուրքիա պէտք է լրացնէ նաեւ Մարդկային իրաւանց յարգումին առնչուող որոշ պայմաններ:
Արծարծուած է նաեւ Փարիզի մէջ Հայկական յուշագրութեան կեդրոնի մը ստեղծման հարցը, որուն մասին Անն Հիտալկօ ըսած է, թէ բաւական զարգացումներ արձանագրուած են: Սկզբունքով, այդ կեդրոնը պիտի հիմնուի Փարիզի 7րդ թաղամասին մէջ: Ծախսերը պիտի հոգայ Փարիզի քաղաքապետարանը:
Աւարտին, ընկերվարական թեկնածուն խօսած է Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի հետ իր հանդիպումին մասին՝ նշելով, թէ ինք կը փափաքի երկու մայրաքաղաքներուն միջեւ հաստատել իւրայատուկ յարաբերութիւններ, փոխանակումի իսկական կառոյց մը՝ ուսանողներու եւ արհեստավարժութեան ընթացքներու հետեւող երիտասարդներու համար:
Հիտալկօ նաեւ փափաք յայտնած է Հայաստան այցելելու, երթալ ծանօթանալու Երեւանի եւ գաւառի բնակիչներուն հետ, իր ընտրութեան առաջին տարուան ընթացքին, բնականաբար՝ եթէ ընտրուի: