ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– «Հայաստանում թեթեւ արդիւնաբերութեան ոլորտն յառաջիկայ 10 տարիներին կարող է ապահովել 15-30 հազար աշխատատեղ՝ պետութեան հետ համագործակցութիւնն ընդլայնելու եւ բնագաւառում առկայ խնդիրները լուծելու պարագայում: Ոլորտի հիմնական խնդիրներն են շրջանառու միջոցների պակասը, հումքի ապահովումը, մաքսատուրքերի նուազեցումը»։ 6 Փետրուարին կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին այս հաստատումը կատարած է Հայաստանի թեթեւ արդիւնաբերութեան գործատուներու միութեան համանախագահ Յովսէփ Պօղոսեանը: Ան յիշեցուցած է, որ Խորհրդային տարիներուն Հայաստանի հիւսուածեղէնի եւ կօշիկի արդիւնաբերութեան ոլորտը մեծ ձեռքբերումներ արձանագրած էր, մինչ ներկայիս շուկան ողողուած է չինական եւ թրքական հագուստով: Ան դիտել տուած է, որ իրենք նպատակակէտ ճշդած են վերականգնել ոլորտի հիմնական հզօրութիւնները՝ առաջնահերթ նկատելով ներքին շուկային մէջ տեղ գրաւելն ու արտածումը աւելցնելը: «Մենք աշխատատեղ ստեղծող ոլորտ ենք: Ծրագրով նախատեսուած է 10 տարուայ ընթացքում ունենալ մօտաւորապէս 15 հազար աշխատատեղ: Մեր համեստ գնահատականներով՝ այդ թիւը կարող է եւ կրկնակի գերազանցուել, եթէ մենք կարողանանք աւելի համահունչ աշխատել պետութեան եւ միմեանց հետ», յայտնած է ան՝ աւելցնելով, որ որակ-գին համեմատութիւնը յօգուտ տեղական արտադրանքի է:
Անդրադառնալով թեթեւ արդիւնաբերութեան ոլորտի հիմնական խնդիրներուն՝ Պօղոսեան յիշած է շրջանառու միջոցներու խիստ պակասը, հումքային նիւթերու անկանոն վիճակը, մարդուժի բացակայութիւնը, ազգային մակնիշի ստեղծման տեսանկիւնէ Հայաստանի ձեւագծութեան միտքի ոչ բաւարար մակարդակը, շատերու համար արտաքին շուկաներուն մէջ գործելու փորձառութեան պակասը եւ այլ խնդիրներ: Պօղոսեան նշած է, որ պետական մարմիններու եւ միութեան մասնակցութեամբ ստեղծուած են 7 աշխատանքային խումբեր՝ ոլորտին մէջ առկայ խնդիրները յաղթահարելու համար:
Այս բնագաւառին մէջ պետութեան հիմնական ընելիքներուն մասին խօսելով՝ Պօղոսեան անդրադարձած է հումքի ներածման առնչուող մաքսատուրքերու նուազեցման, Հայաստանի մէջ կաշիի հումքի արտածումը խոչընդոտելուն: «Մենք ուզում ենք պետութիւնից, որ հումքը ներկրելիս մեզնից միանգամից շատ փող չվերցնի, որպէսզի յետոյ արտադրանք տանք եւ վճարենք այդ պարտքը: Մենք ուզում ենք, որ պետական բեռը մի քիչ աւելի ցածր լինի», նշած է Պօղոսեան՝ աւելցնելով, որ կ՛ակնկալուի նաեւ հարկերու որոշ նուազեցում՝ աշխատատեղեր ստեղծելու համար շահագրգուածութիւնը բարձրացնելու համար:
Անոր ներկայացուցած տուեալներով՝ Խորհրդային տարիներուն կօշիկի եւ հիւսուածեղէնի արդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ կ՛աշխատէր 120 հազար մարդ, եւ անիկա կ՛ապահովէր երկրին Համախառն ներքին արտադրութեան 1/3ը: «Այժմ ոլորտում աշխատում է 6-7 հազար մարդ. մեր երկրում այդ շուկայի շրջանառութիւնն այժմ գնահատւում է 280 միլիոն դոլարի սահմաններում, որի միայն 10 տոկոսն է ծածկում տեղական արտադրանքը», դիտել տուած է ան:
Յովսէփ Պօղոսեան հաստատած է, որ տեղական արտադրութիւնը ունի եւրոպական որակ՝ չինական գիներով: «Ներքին շուկայում 50-70 տոկոս ներկայացուածութեան հնարաւորութիւն մենք տեսնում ենք», ըսած է միութեան համանախագահը: 6 Դեկտեմբեր 2013ին հաստատուած է տասը տարուան համար նախատեսուած կօշիկի եւ հիւսուածեղէնի ոլորտներու ռազմավարութիւնը: 5 Փետրուար 2014ին Հայաստանի կառավարութեան եւ թեթեւ արդիւնաբերութեան ոլորտի ներկայացուցիչներուն միջեւ ստորագրուած է յուշագիր՝ ոլորտի ռազմավարութեան իրականացման վերաբերեալ:
Ներկայիս տեղական արտադրութիւնը կը կատարեն փոքր եւ միջին մօտ վեց տասնեակի հասնող ձեռնարկութիւններ:
Խօսելով թեթեւ արդիւնաբերութեան ոլորտը ներկայացնող «Արտադրուած է Հայաստանում» խանութներուն մասին՝ ան դիտել տուած է, որ անոնք պիտի բացուեն նաեւ Հայաստանի մարզերուն մէջ բնակչութեան պահանջքը բաւարարելու համար»: Յովսէփ Պօղոսեան յիշեցուցած է, որ Երեւանի մէջ բացուած է «Արտադրուած է Հայաստանում» խանութը, ուր ներկայացուած են թեթեւ արդիւնաբերութեան ոլորտի հայկական տարբեր ընկերութիւններ: «Մենք այդ առաջին խանութով ոգեւորուած ենք եւ չենք ուզում բաւարարուել: Փորձելու ենք այս տարի Երեւանում եւ մարզերում նոր այդպիսի խանութներ բացել, որպէսզի մեր ժողովուրդը տեսնի եւ հասկանայ, որ մենք կարող ենք իրենց բաւարարել թեթեւարդիւնաբերական ողջ տեսականիով», դիտել տուած է Պօղոսեան՝ նշելով, որ հայկական արտադրութիւնը արդէն ունի բարձր որակ եւ համեմատաբար ցած գին: Միութեան համանախագահը գոհունակութեամբ նշած է, որ ժողովրդային մակարդակի վրայ մեծ հետաքրքրութիւն կայ «Արտադրուած է Հայաստանում» խանութին նկատմամբ։
Երեւանի մէջ՝ Տիգրան Մեծի 20 հասցէին վրայ, «Տաշիր» հանրախանութին դիմաց եւ «Սիլ» պանդոկին կից 2013ի Յունիսին բացուած է «Արտադրուած է Հայաստանում» խանութը, ուր կը վաճառուին միայն Հայաստանի մէջ արտադրուող բարձրորակ հագուստ, կօշիկ, գուլպայ եւ այլն:
Հայաստանի Ազգային վիճակագրական ծառայութեան տուեալներով՝ 2013ին Հայաստանի մէջ արտադրուած է 5.9 միլիառ դրամի հագուստ (2012ին հետ բաղդատելով՝ 7.8 տոկոսի աճ) եւ 575.3 միլիոն դրամի մանածագործական արտադրատեսակներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.