
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեանը 6 Փետրուարին ընդունած է ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ, դեսպան Անճէյ Քասփըրչիքը։
Հանդիպումին ընթացքին քն-նարկուած են Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու հանդիպման գիծին վրայ տիրող իրավիճակին վերաբերող հարցերը:
Կարէն Միրզոյեան դեսպանին ուշադրութեան յանձնած է Ատրպէյճանի կողմէ զինադադարի դրութեան յաճախակի խախտումները՝ նշելով, որ անոնք ցոյց կու տան պաշտօնական Պաքուի յարձակողապաշտ մտադրութիւնները:
Նախարարը ընդգծած է, որ ատրպէյճանական կողմի սադրանքները լուրջ վնաս կը հասցնեն ատրպէյճանական-ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին եւ պէտք է արժանանան վճռական դատապարտման՝ միջազգային հանրութեան կողմէ:
Երկուստեք կարեւոր նկատած են հանդիպման գիծին վրայ զինադադարի դրութեան պահպանման եւ միջադէպերու բացառման անհրաժեշտութիւնը:
Նշենք, որ Քասփըրչիք նաեւ հան-դիպած է Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ: Նաեւ նշենք, որ Մինսկի խումբի համանախագահները, որոնք տարածաշրջան եկած էին հանիպելու Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներուն հետ, այս անգամ Ստեփանակերտ չէին գացած՝ «թէքնիք» պատճառաբանութիւններով: