Թրքական ռազմական օդանաւ մը Փետրուար 7ին պարտադրած է թրքական ճամբորդական օդանաւի մը Պոլիս վայրէջք կատարել, երբ օդանաւին մէջ ուքրանացի ճամբորդ մը կը պահանջէր, որ օդանաւը Սոչի մեկնի՝ ազդարարելով, որ քովը ռումբ մը կայ: Օդանաւը Ուքրանիայէն Պոլիս ճամբայ ելած էր: Ենթական Պոլսոյ օդակայանին մէջ ձերբակալուած է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.