Թ. Շ.
Յունուար 23ին «Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութիւնը Փարիզի իր կեդրոնին մէջ (avenue Latour Maubourg, 7րդ թաղամաս) կազմակերպած էր տեղեկատուական հանդիպում մը, որուն բացումը կատարեց «Գ. Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հոգաբարձութեան անդամ Մարթին Եսայեան: Սահուն արեւմտահայերէնով, առանց գրի առնուած ըլլալու անոր արտասանած խօսքը մեծապէս զարմանք պատճառեց հանրութեան, քանի որ բոլորին մօտ տարածուած է այն կարծիքը, որ Մարթին Եսայեան հայերէն չի խօսիր: Սակայն, պէտք է յայտնել, որ հայերէնի դասընթացքի կը հետեւի Լոնտոնի մէջ: Այս ընդգծումը կարեւոր է, նկատի առնելով «Գ. Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հնգամեայ ծրագիրը, որուն նպատակն է արեւմտահայերէնի ամրապնդումը: Ուրեմն, Պ. Եսայեան կենդանի օրինակը կը հանդիսանայ հիմնարկութեան ծրագրածին:
Իսկ Հայկական համայնքներու բաժինի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեան (ֆրանսերէնով) ներկայացուց 2014-2018ին իրագործուելիք հնգամեայ ծրագիրը:
Յայտնենք, թէ հիմնարկութիւնը հրատարակած է հնգամեայ ծրագիրը քառալեզու՝ անգլերէն, հայերէն, փորթուկերէն եւ ֆրանսերէն: Առ ի յիշեցում ըսենք, թէ ծրագիրը բաժնուած է ըստ առաջնահերթութեան հետեւեալ չորս բաժիններու.
ա. Զարկ տալ հայերէնի ու հայ մշակոյթի պահպանումին եւ Սփիւռքի զարգացումին՝ իրարու կամրջելով Սփիւռքի տարբեր հատուածները եւ ներդնելով ուժերը կրթութեան ոլորտին մէջ:
բ. Սատարել կենսունակ Հայաստանի զարգացումին՝ շեշտը դնելով հայրենի երիտասարդութեան եւ քաղաքացիական հանրութիւն կերտելու անոր յանձնառութեան վրայ:
գ. Բարելաւել հայ-թրքական յարաբերութիւնները, հովանաւորելով այնպիսի ծրագիրներ, որոնք կը քաջալերեն հայկական ինքնութեան եւ իրաւունքի ճանաչումը:
դ. Պահպանել ու տարածել հայ գրական ժառանգութիւնը:
Հաւաքի աւարտին կայացած հարցում-պատասխաններու բաժինը շատ ճոխ էր, ինչ որ ցոյց կու տար նիւթին առթած հետաքրքրութիւնը ներկաներուն մօտ: Անոնք կը վերաբերէին հնգամեայ ծրագիրին զանազան բնագաւառներուն:
Ուշագրաւ էին բ. եւ գ. կէտերու վերաբերող հարցումները, յատկապէս Հայաստանի եւ Թուրքիոյ մէջ «Գ. Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան դերին: Հարցումներուն պատասխանեց Ռազմիկ Փանոսեան:
Ներկաներէն մէկը իր վերապահութիւնը յայտնեց մանաւանդ արեւմտահայերէնով դասագիրքեր պատրաստելու համար «Կիւլպէնկեան»ի՝ սփիւռքի նախարարութեան հետ աշխատակցելու խնդիրին նկատմամբ, քանի որ լոյս տեսած վերջին գիրքերը Արեւմուտքի մէջ անգործածելի են: Իսկ միւս կողմէ քաջալերելի է հիմնարկութեան արեւմտահայերէնի նկատմամբ ցուցաբերած մեծ հետաքրքրութիւնը եւ անոր ընծայած կարեւորութիւնը: Բայց ուրկէ՞ պէտք է սկսիլ այդ ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները:
Վերապահութեան եւ հարցումին առաջին բաժինին անդրադառնալով ըսուեցաւ, թէ ատիկա շատ փափուկ հարց մըն է, եւ իրենք գիտակից ըլլալով, անգամներ դիտել տուած են, թէ սփիւռքի նախարարութիւնը հակառակ անոր, որ հետաքրքրուած է, սակայն քաջածանօթ չըլլալով Սփիւռքի մշակոյթին, չի կրնար դասագիրքեր պատրաստելու գործին նախաձեռնարկ ըլլալ: Միւս կողմէ կարելի է ապագային միասնաբար աշխատելով դրական արդիւնքներու յանգիլ՝ այս անգամ արեւելահայերէնը կորուստի վտանգէն փրկելու համար: Ակնարկը կը վերաբերի այն հայերուն, որոնք Ռուսիա արտագաղթելով հետզհետէ կը կորսնցնեն մայրենիով արտայայտուելու կարելիութիւնը:
Կիւլպէնկեանի առաջին գործը պիտի ըլլայ Սփիւռքի հայաշատ քաղաքներէն մէկուն, օրինակ՝ Պէյրութի մէջ կեդրոն մը ստեղծել, որ պիտի պատրաստէ արեւմտահայերէնի ուսուցիչներ: Կը մտածուի ելեկտրոնային ցանցերով ստեղծել հայերէնով հաղորդակցութեան համակարգ մը, նաեւ հայերէնի դասաւանդութեան մէջ յաջողած դպրոցներուն միջեւ կապ հաստատել:
Ինչ կը վերաբերի հայ-թրքական յարաբերութիւններու բարելաւման գծով տարուած աշխատանքներուն, ըսուեցաւ, որ եթէ հարցը Թուրքիոյ մէջ հայ մշակոյթի եւ ինքնութեան ճանաչումին կը վերաբերի, պէտք չէ միամիտ ըլլալ, քանի որ գիտենք, թէ թուրքը նախ կ՛աշխատի իր պետութեան շահերուն համար, սակայն մենք կրնանք Պոլսոյ, Տիգրանակերտի կամ Արեւմտեան Հայաստանի այլ վայրերու մէջ հայկական ներկայութիւնը զօրացնելու ուղղութեամբ աշխատիլ, առանց մտնելու քաղաքականութեան մէջ:
Հայաստանի, Իրանի կամ Թուրքիոյ մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանման վերաբերող հարցումին, Ռ. Փանոսեան պատասխանեց, թէ այս գծով արդէն սկսած են աշխատանքները, օրինակ՝ Թուրքիոյ մէջ «Անատոլու Քիւլթիւր» կազմակերպութեան հետ խորհրդակցութիւններ տեղի կ՛ունենան, սակայն այս հարցին մէջ պէտք է քիչ մը զգոյշ ըլլալ, քանի որ, ըսենք, եկեղեցիի մը վերակառուցումը կամ բարենորոգումը նիւթական լայն միջոցներ կը պահանջէ. «Մշակութային գետնի վրայ մենք աւելի կրնանք գիր ու գրականութիւն ապահովել, քաջալերել ցուցահանդէսներու կազմակերպումը եւ օժանդակել նման գործունէութեանց», ըսաւ Ռազմիկ Փանոսեան:
«Նոր Յառաջ»