
Պոլսոյ մայր քաղաքապետութեան Մշակոյթի կեդրոնը հրատարակած է գիրք մը, որուն նիւթն է Օսմանեան կայսրութեան բռնապետ Սուլթան Ապտիւլ Համիտի դէմ կատարուած 1905ի մահափորձին թաքուն կէտերը: Գիրքը պատրաստուած է փրոֆ. Հալուք Սելվիի կողմէ եւ կը կրէ «Մահափորձ՝ Սուլթանին» խորագիրը: Գիրքին հեղինակը այս մահափորձը կը ներկայացնէ շարք մը փաստաթուղթերով, որոնք ցարդ ոչ մէկ տեղ հրատարակուած են: Անշուշտ, այս բոլորին մէջ կայ նաեւ հայերուն անունը: Ըստ գիրքի հեղինակին՝ «1890ական թուականներուն «ահաբեկիչներուն» բուն նպատակն էր օսմանցի սուլթանը սպաննել եւ խառնակութիւններ ստեղծել Պոլսոյ մէջ եւ օտար երկիրներէն ապահովել անկախ Հայաստան մը հիմնելու զօրակցութիւ. գրեթէ բոլոր ժամանակակից պետութիւններուն եւ նոյնիսկ ներքին ընդդիմադիրներուն հասարակաց նպատակն էր մէջտեղէն վերցնել սուլթանը:
Գիրքին մէջ հրատարակուած են ականատեսներու վկայութիւններ եւ խոստովանութիւններ, որոնք ցոյց կու տան թէ ինչպէս կազմակերպուած էին օսմանեան շրջանի ահաբեկիչները եւ թէ ինչպէս կ՛աշխատէին անոնք:
Սուլթանին մահափորձը խորապէս կապուած է ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան հետ: Արդարեւ, ՀՅ Դաշնակցոււթեան հիմնադիրներէն Քրիստափոր Միքայէլեան, ՀՅԴ Երրորդ Ընդհանուր Ժողովին ներկայացուց Կարմիր սուլթանը ահաբեկելու ծրագիրը: Միքայէլեան ստացաւ Դաշնակցութեան կամքը ներկայացնող ժողովին համաձայնութիւնը եւ անձամբ լծուեցաւ ծրագիրի գործադրութեան: Բայց ճակատագիրը ուրիշ եւ դառնագոյն վախճան վերապահած էր հայ յեղափոխականին: Վիտոշ լերան լանջին, Պուլկարիոյ մէջ, Վռամշապուհ Քէնտիրեանի հետ ռումբի փորձարկման պահուն, 46ամեայ Քրիստափոր Միքայէլեան իր ընկերոջ հետ զոհ գնաց ռումբի ապաժամ պայթումին:
Յետագային՝ 21 Յուլիս 1905ին, գործադրութեան դրուեցաւ սուլթանը սպաննելու ծրագիրը: Երբ սուլթանը աղօթքի գացած էր ու կը վերադառնար, Եըլտըզի պալատին շուրջ պատահեցաւ պայթում մը, որուն որոտը Պոլսոյ բազմաթիւ վայրերէն լսուեցաւ: Ռումբը բզիկ-բզիկ ըրած էր մարդկային մարմիններ ու անասուններ: Աւելի վերջ յայտնի պիտի դառնար, որ 26 հոգի մեռած էր, 58 հոգի՝ վիրաւորուած, 20 ձի՝ սատկած եւ 17 կառք խորտակուած: Մզկիթը վնասուած էր: Բայց Ապտիւլ Համիտ ողջ մնացած էր. մէկ վայրկեան յապաղումի մը պատճառաւ ան փրկուած էր: