
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Երբ կազմակերպութեան մը նիւթական միջոցները սահմանափակ են, երբ այդ կազմակերպութեան ղեկավարները յաւելեալ եկամուտ ապահովելու վստահ ճանապարհներ չունին, ապա նման վիճակի մը մէջ գտնուողները իրենք զիրենք կը գտնեն երկու ընտրանքի միջեւ. տարեկան ծրագիրները մշակել՝ հիմնուած վստահ եկամուտներու վրայ, կամ՝ եկամտաբեր ձեռնարկներով ապահովել յաւելեալ եկամուտ եւ այդ եկամուտին վրայ ապաւինելով՝ ընդարձակել գործունէութեան դաշտը:
Վստահ եկամուտ ըսելով՝ կը հասկնանք կազմակերպութեան անդամներուն վճարած տարեկան կամաւոր սակերէն կամ ցենզէն գոյացած գումարները, կամ, լաւագոյն պարագային՝ կազմակերպութեան սեփականութենէն՝ վարձք կամ հիմնադրամ, յառաջացած շահոյթէն: Շատ քիչ են այն կազմակերպութիւնները, որոնք բախտաւորուած են յաւելեալ եկամուտներ ապահովող կալուածներով կամ հիմնադրամներով: Նաեւ, բախտաւոր են այն կազմակերպութիւնները, որոնք իրենց անդամներուն պարտաճանաչութեամբ, հարիւր տոկոսով կը յաջողին հաւաքել իրենց տարեկան սակերը:
Եկամտաբեր ձեռնարկներու յաջողութեան յոյսին վստահած կազմակերպութիւններ, յաճախ դժուարութեան կը մատնուին, երբ իրենց ակնկալած արդիւնքները չեն կրնար ապահովել, երբ հանգանակային իրենց ձեռնարկները կը ձախողին՝ մասամբ կամ ամբողջութեամբ: Նման պարագաներու, մանաւանդ երբ ձախողած ձեռնարկներուն վնասները ծանր վիճակի կը մատնեն կազմակերպութիւնները, որոնք կը սկսին դժուարանալ նոյնիսկ իրենց տարրական կարիքներուն համար գումար գտնել, յոյսը կը մնայ բարերարներու վրայ:
Բարերարները կրնան լաւ զզալ՝ կազմակերպութեան փրկիչի դերը ստանձնելով, սակայն, կը հաւատանք, որ նոյն բարերարները աւելի մեծ հաճոյքով դրամ կը նուիրեն կազմակերպութեան մը ուժեղացման եւ հզօրացման համար, քան շարունակ անկումի մէջ գտնուողները փրկելու նպատակին:
Անգամ մը որ նահանջես, նոյնիսկ՝ մարտավարական նպատակներով, ժամանակ շահելու համար, ի վերջոյ քանդումը, կործանումը անխուսափելի կը դառնայ: Աւելի լաւ է յանդուգն ըլլալ, չվախնալ մեծ երազելէն, մեծ ծրագրելէն. այդ պարագային, զօրակիցները աւելի՛ ոգիով ու խանդավառութեամբ կը կանգնին գործի գլուխ, եւ թերեւս այդ խանդավառութիւնը այն յաւելեալ գործօ՛նն է, որ կրնայ յաջողութիւն բերել աշխատանքներուն: