
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Ինտիփենտընթ» թերթը հրապարակած է Ալիսիա Ճոնի բաց նամակը՝ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին, ուր հեղինակը, հայերու կոտորածներուն մասին աւելի կատարեալ տեղեկութիւններ ստանալու համար, խորհուրդ կու տայ թերթին կարդալ «Լոս Անճելըս Թայմզ»ի կողմէ այս մասին հրատարակուած յօդուածները եւ այցելել Լոս Անճելըսի Հանդուրժողականութեան թանգարանը:
Ճոն բաց նամակով կը հակադարձէր Փետրուար 2ին «Ինտիփենտընթ»ի մէջ հրապարակուած յօդուած-նամակին, որուն խորագիրն էր՝ «Հայկական Ցեղասպանութիւնը իրաւաբանօրէն հիմնաւորուած չէ»:
«Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութեան մասին հազարաւոր գիրքեր գրուած են եւ անոր մասին արտայայտուած են Հիլըրի Քլինթընը եւ նամակին մէջ նշուած միւս մարդոցմէ շատ աւելի յայտնի մարդիկ: Յայտնի է, որ Հիթլեր հրեաներուն դէմ ըրած է այն, ինչ թուրքերը ըրած էին հայերուն դէմ», գրած է Ճոն՝ յիշեցնելով Հիթլերի «Այսօր ո՞վ կը խօսի հայերու բնաջնջումին մասին» խօսքը:
Հեղինակը կոչ կ՛ընէ ընթերցողին կարդալու «Լոս Անճելըս Թայմզ»ի յօդուածը՝ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին, ուր մանրամասնօրէն ներկայացուած են հայերու սպանդները իբրեւ քսաներորդ դարու առաջին ցեղասպանութիւն:
Ճոն կը հակադարձէ նաեւ «Ինտիփենտընթ»ի հրապարակած յօդուածի այն պնդումին, թէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը պէտք չէ դասաւանդուի դպրոցներու մէջ: «Անձնապէս՝ չեմ կարծեր, որ երեխաները ընդունակ են հասկնալու մարդուն անմարդկային վերաբերումը այլ մարդու հանդէպ: Նիւթը պէտք է դասաւանդուի աւագ աշակերտներուն, ցեղասպանութեան միւս օրինակներուն հետ միասին: Սակայն այս չի նշանակեր, որ ես կը հերքեմ Հայկական Ցեղասպանութիւնը, որովհետեւ նման արարք մը կը նշանակէ ուրանալ պատմութիւնը», գրած է Ճոն:
«Ինտիփենտընթ»ի Փետրուար 2ի յօդուածը գրուած էր իբրեւ հակադարձութիւն Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանին կողմէ թիւ «AB659» բանաձեւի վաւերացման, որով կը նախատեսուի Հայկական Ցեղասպանութեան դասաւանդումը ընդարձակել նահանգի վարժարաններուն մէջ՝ անոր մէջ ներառելով նաեւ վերապրողներու վկայութիւնները: