
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Տեմոքրաթ Հապեր» կայքը գրած է, թէ թուրք զինակիցի մը կողմէ սպաննուած Սեւակ Պալըքճըի մայրը՝ Անի Պալըքճը, իր վրդովումը յայտնած է հեղինակ Այշէ Քուլինի հանդէպ, որ, ինչպէս հաղորդած էինք անցեալ շաբաթ, Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրացող եւ նոյնիսկ արդարացնել փորձող արտայայտութիւններ կատարած էր:
Ան ըսած էր, որ 1915ի սպանդները կարելի չէ ցեղասպանութիւն որակել, «որովհետեւ մենք մեր կեցած տեղը չջարդեցինք հայերը, ինչպէս գերմանները սպաննեցին հրեաները»։
Այշէ Քուլինի այս մեկնաբանութիւնը մեծ ցաւ պատճառած էր հայ հաւաքականութեան։ Անի Պալըքճը, որուն որդին 24 Ապրիլի օրով սպաննուեցաւ զինուորական պարտականութեան ընթացքին, խորունկ ցաւ արտայայտած է՝ գրելով. «Երբ կ՛ըսես, թէ կեցած տեղը չէ որ ջարդեցինք հայերը, արդէն խոստովանած կ՛ըլլաս, որ հայերը ջարդեցիք։ Քանի որ այդպէս է, մի ցաւիր նաեւ Հրանդին համար, որ կեցած տեղը սպաննուեցաւ։ Ի վերջոյ, քեզի նման խօսողներուն շնորհիւ է, որ հայերը այլեւս կը գնդակահարուին կամ կը դաշունահարուին։ Իրաւունք ունիս… հայ ժողովուրդը իր տեղը չի կենար, աշխատասէ՛ր է, խելացի՛ է։ Այդ շրջանին Անատոլուի մէջ կային տեղեր, ուր մեծամասնութիւն էին հայերը, իրենց գիւղերուն կամ քաղաքներուն մէջ դպրոցներ ու եկեղեցիներ ունէին, գրել-կարդալ գիտէին, օտար լեզու գիտէին, իրենց դաշտերը աւելի լաւ կերպով կը հերկէին, իրենց անասունները աւելի գիտական միջոցներով կը հասցնէին։ Ահաւասիկ այս բոլորէն անտեղեակ ժողովուրդ մը չկրցաւ հանդուրժել ու «կեցի՛ր» ըսաւ հայ ժողովուրդին։ «Կը բաւէ՛, դուք ձեր արտերն ու տուները մեզի ձգեցէք ու ճամբայ ինկէք», ըսին։ Այսպէս է, որ հայերը ճամբայ դրուեր են. անոնցմէ ոմանք կարծեր են, թէ պիտի կարենան վերադառնալ, բայց Տիգրիսի ջուրերը կաս-կարմիր դարձեր են։ Ձեր օսմանցի մեծ հայրերէն լսած ըլլալու էք. ինչո՞ւ արդեօք հայերու ինչքերուն վրայ նստողները հայերու նման իրենք ալ անդադար աշխատելով չեն շահեր այդ հարստութիւնները։ Ինչո՞ւ իսլամ հաւաքականութիւններու մօտ գրող-կարդացողներու թիւը ցած է եղեր. երանի թէ հայերէ մնացած դպրոցները գործածէին, եկեղեցիները մզկիթի չվերածէին ու զանոնք չգործածէին զբօսաշրջական նպատակներով։ Կեցած տեղը սպաննուած Հրանդին համար մի՛ ցաւիր։ Զայն երկու գնդակով գետին փռեցին, որպէսզի ուրիշներու դաս ըլլայ։ Աւելի վերջ ալ տարիքոտ կին մը սպաննեցին կեցած տեղը։ Հիմա ի՞նչ պիտի ըլլայ, եթէ ցաւիս կամ չցաւիս. գացողները գացին։ Վա՜յ գացողներուն, վա՜յ մնացողներուն»: