ԵՐԵՒԱՆ, «ԱրմՌեդիօ».- Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները ներկայիս առաւել աշխուժօրէն կը մասնակցին ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման աշխատանքներուն, քան՝ անցեալին. Երկուշաբթի, Փետրուար 10ին, Ատրպէյճանի դիւանագիտական ակադեմիոյ մէջ ունեցած ելոյթին ընթացքին ըսած է Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Մորնինկսթար: «Մենք աւելի սերտօրէն կը համագործակցինք կառավարութեան հետ: Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահներու անցեալ տարուան Նոյեմբերին կայացած հանդիպումը յատկանշական իրադարձութիւն էր, եւ կարեւոր է շարունակել հանդիպումները: Կողմերը պէտք է քննարկեն հակամարտութեան կարգաւորման շարք մը կարեւոր հարցեր», ըսած է դեսպանը՝ ըստ ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութեան:
Նախագահներու յաջորդ հանդիպման մասին արտայայտուելով՝ դիւանագէտը ընդգծած է, որ նախագահները իրենք պէտք է հանդիպման որոշումը տան: «Յոյս ունինք, որ անոնք կրկին կը հանդիպին: Կը կարծեմ, որ հակամարտութեան լուծման միակ ճանապարհը նախագահներուն միջեւ բանակցութիւններն է: Այս հարցով կը շարունակէ զբաղիլ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակը, եւ մենք եւս կրնանք մեր դերակատարութիւնը ունենալ: Միացեալ Նահանգները, իբրեւ համանախագահներէն մէկը, կ՛առաջարկէ իր գաղափարները», ըսած է ան:
Անդրադառնալով շփման գիծին վրայ առկայ լարուածութեան՝ դեսպանը յոյս յայտնած է, որ անիկա կը նուազի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.