ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հրանդ Տինքի սպանութեան հարցով դատախազ Մուամմեր Աքքաշի փոխարէն՝ նոր դատախազ նշանակուած է Մուրատ Ինանը:
Նշենք, որ կաշառակերութեան գայթակղութիւնը բացայայտած դատախազներուն եւ ոստիկաններուն դէմ թրքական իշխանութիւններու արշաւին զոհ գացած դատախազներէն մէկն էր Մուամմեր Աքքաշը, որ նաեւ մէկն է «Էրկենեքոն»ի դատավարութեան դատախազներէն:
Աքքաշ պաշտօնազրկուելէն ետք յայտարարած էր, թէ Տինքի սպանութեան հետաքննութեան գծով հասած էր «կարեւոր կէտի, երբ պիտի սկսէին պետական պաշտօնեաներու ձերբակալութիւնները»: Ան պնդած էր, թէ արդէն իսկ հարցաքննութեան կանչուած էր ոստիկանութեան հետախուզութեան վարչութեան նախկին պետ Սապրի Ուզունը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.